
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 16 Յուլիսին, Թիֆլիսի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ընթացքին վերահաստատեց հայկական կողմի տեսակէտը, ըստ որուն, տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ կարեւոր է Արցախի տագնապի քաղաքական լուծումը, եւ այս ծիրին մէջ, ան ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կառոյցի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը՝ իր միջազգային լիազօրութեան համապատասխան: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կողմերը անդրադարձան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակի:
Նախարարները քննարկեցին այս առումով նախապէս ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը եւ միտքեր փոխանակեցին հետագայ հնարաւոր քայլերու շուրջ:
Միրզոյեան լուսարձակի տակ առաւ մարդասիրական հարցերը, որոնց կարգին՝ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ հայրենադարձման ու անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրներու պարզաբանման հարցերու հասցէագրման կարեւորութիւնը:
Արձանագրուեցաւ շփումները շարունակելու՝ կողմերուն պատրաստակամութիւնը:
Նշենք, որ ասիկա Միրզոյեանի ու Պայրամովի առաջին երկկողմ հանդիպումն էր:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Պայրամով դիտել տուաւ, որ պէտք է բոլոր ջանքերը ուղղուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի հասնելուն:
«Այս պարունակին մէջ ընդգծուեցաւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներու կատարման անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական զինուած ուժերու դուրսբերման վերաբերեալ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Պայրամով, անդրադառնալով մարդասիրական հարցերուն՝ ընդգծեց նաեւ «շուրջ 4000 անհետ կորսուած ատրպէյճանցիներու ճակատագիրները պարզելու կարեւորութիւնը»:
Միացեալ Նահանգները ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Շաբաթ օրուան հանդիպումը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն թիֆլիսեան հանդիպումը դրական քայլ որակեց: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Պլինքըն, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրառում կատարելով՝ կը յայտնէ, որ ուղիղ երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարակարծութիւններու լուծման ամէնէն վստահելի ճամբան է:
Իսկ 17 Յուլիսին, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հեռաձայնային զրոյցը:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ Միրզոյեան եւ Տոնֆրիտ քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան երթեւեկային ենթակառուցուածքներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման գործընթացին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան յանձնաժողովներու աշխատանքներուն:
Միտքեր փոխանակուեցան 16 Յուլիսին, վրացական կողմի հիւրընկալութեամբ, Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վերաբերեալ:
Միրզոյեան շեշտեց, որ հայկական կողմը կը շարունակէ կարեւոր նկատել ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահող երկիրներուն դերը Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ: