ԵՐԵՒԱՆ, «Սփութնիք Արմէնիա», «Արմէնփրէս».- Երեք օրուան տարբերութեամբ Երեւան այցելեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարները:
Երեւանի մէջ, լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերգէյ Նարիշքին յայտարարեց, որ Ռուսիա ունի բաւարար ուժեր եւ կարողութիւններ՝ դժուար պահերուն դաշնակիցները եւ ընկերները պաշտպանելու համար:
Նարիշքին յայտնեց, թէ վստահ է, որ ԱՊՀի տարածքին մէջ համարկման գործընթացները կայունութեան ամուր երաշխիք են: Ան յիշեցուց, որ այս տարածաշրջանին մէջ արդէն կը գործեն համարկման կառոյցներ՝ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը:
«Այդ կառոյցները ստեղծուած են՝ նկատի ունենալով անոնց մաս կազմող բոլոր պետութիւններուն շահերը: Համարկման պաշտպանական գործիքները լաւ երաշխիք են կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանելու համար», յայտնեց ան:
Ըստ «Սփութնիք Արմէնիա»ի՝ Նարիշքին յայտարարեց, որ երեւանեան իր այցելութիւնը ոչ մէկ կապ ունի «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի Հայաստան տուած այցելութեան հետ:
Նարիշքինը ընդունելով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը այլ կարելիութիւն է քննարկելու հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը: Ան նշեց, թէ այս տարի կը նշուի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ փոխգործակցութիւնը դարձնել առաւել արդիւնաւէտ ու ամուր:
Նարիշքին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան փաստը, ինչ որ կը նպաստէ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման:
Զրուցակիցները քննարկեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: