ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ Հոկտեմբեր 20ին սահմանագիծի Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ ԵԱՀԿի առաջարկով, կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման նպատակով տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման ընթացքին, իբրեւ թէ իր կողմէն արծարծուած եւ քննարկուած առաջին հարցը վերաբերած է Ատրպէյճանի տարածքներէն հայկական զօրքերը դուրս բերելուն, չի համապատասխաներ իրականութեան եւ ընդհանրապէս նման հարց հանդիպման ընթացքին չէ քննուած:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սէյրան Շահսուվարեան եւ նշեց, որ Հոկտեմբեր 20ի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բացառաբար սահմանի հսկողութեան եւ զինադուլի պահպանման առնչուող հարցեր: