ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ժընեւէն Պէյրութ վերադարձի ճամբուն վրայ, Պէյրութի օդակայանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Հաւիէ Սոլանայի հետ։
Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումը, մտերմիկ զրոյցով, առիթ հանդիսացաւ խօսելու Միջին Արեւելքի իրավիճակին ու յատկապէս Լիբանանի վերջին տագնապէն ետք ստեղծուած կացութենէն դուրս գալու միջազգային ճիգին մասին։
Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը յայտնեց իր տեսակէտները, տագնապը շրջանցելու խաղաղ գործընթացին մասին։