ԹԵՀՐԱՆ.- 4 Յուլիսին, իրանահայութեան Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Այգեստանին մէջ տեղի ունեցաւ կազմակերպութեան 78ամեակի նշումը:
Բացման խօսքը արտասանեց Մեղեդի Նազարեան, որ շնորհաւորեց ներկաները եւ իրանահայութիւնը «Արարատ» կազմակերպութեան հիմնադրութեան առթիւ:
Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեան ելոյթ ունենալով՝ նշեց, որ կազմակերպութիւնը այս շրջանին նպատակադրած է աշխատանքները վերականգնել ու աշխուժացնել` շեշտելով կազմակերպութեան յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը ՀՄԸՄի, Համազգայինի եւ ՀԱՍԿի հետ:
Կազմակերպութեան նախկին նախագահ Թովմաս Թովմասեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բոլոր կուսակութիւնները, կազմակերպութիւնները, միութենականները կ՛աշխատին՝ հայապահպանման առաքելութեան իրագործման համար:
Արցախի հերոս, «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Բեկոր Աշոտի կեանքի ընկեր Նելլի Ղուլեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ «Արարատ»ի մէջ ունեցած իր տպաւորութիւններուն, կազմակերպութեան առաքելութեան եւ հայապահպանման նպատակներուն` շեշտելով, որ Արցախը ամուր է շնորհիւ արցախցիին եւ թիկունքին կանգնած ամուր Սփիւռքին եւ Հայաստանի:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: