
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ ողջունեցին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս ողջունեց հանդիպումը եւ՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞՛նչ է Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը այս գործընթացին մէջ՝ նշեց. «Մենք աշխոյժ դերակատարութիւն ունինք: Մենք մնայուն կերպով կ՛ըսենք, որ պատրաստ ենք ներգրաւուելու թէ՛ երկկողմանի եւ թէ նոյն կերպով մտածող գործընկերներու հետ` որոնց կարգին նաեւ՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ, օգնելու երկիրներուն գտնել տեւական, համապարփակ խաղաղութիւն»:
Փրայս դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Է. Պլինքըն վերջին շաբաթներուն կապ հաստատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ:
«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ երկխօսութիւնը Հարաւային Կովկասի համար խաղաղ, ժողովրդավար ու բարեկեցիկ ապագայի հասնելու լաւագոյն տարբերակն է, եւ մենք պիտի շարունակենք հնարաւոր բոլոր տարբերակով աջակցիլ անոր», ըսաւ Փրայս:
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովական հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել իր կարգին ողջունեց հանդիպումը . ան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Կարեւոր քայլ՝ դէպի համապարփակ լուծում: Եւրոպական Միութիւնը բոլորովին կ՛աջակցի խաղաղ, ապահով եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասին: Բնականոնացման-հաշտեցման կարելի է հասնիլ միայն ուղիղ երկխօսութեան միջոցով»:
Փարիզ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ շարունակելու աշխատիլ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ: «Ֆրանսա անգամ մը եւս կը յայտարարէ ուղիղ երկխօսութեան շարունակութեան իր յանձնառութեան մասին` նպաստելու համար Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման», կ՛ըսուի Ֆրանսայի դիւանագիտական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ: