ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ամերիկեան «Counterpart International» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, կատարուեցան լսողութեան խանգարում ունեցող երեխաներու Երեւանի թիւ 15 յատուկ գիշերօթիկ դպրոցի վերանորոգման որոշ աշխատանքներ:
Նոյեմբերի 1ին կայացած պաշտօնական արարողութեան ժամանակ կազմակերպութեան Համայնքային մարդասիրական օգնութեան ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Արմինէ Խաչատրեան նշեց, որ կատարուած աշխատանքներու արդիւնքով որոշ չափով կը բարելաւուի երեխաներու կենցաղը եւ յայտնեց, որ վերանորոգման աշխատանքները կատարուած են Միացեալ Նահանգներու պետական բաժանմունքի ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ: Ըստ Ա. Խաչատրեանի, կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակը այս գիշերօթիկ դպրոցին հետ գործակցած է վերջինիս հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ձգտած է աջակցիլ դպրոցին՝ տրամադրելով բազմաբնոյթ օգնութիւն:
Դպրոցի տնօրէն Աշոտ Աւետիսեան իր հերթին ընդգծեց, որ իրականացուած ծրագիրը մեծ նշանակութիւն ունի այս եզակի կրթական կեդրոնին համար եւ յայտնեց, որ դպրոց յաճախող լսողութեան խանգարում ունեցող երեխաները միջնակարգ կրթութեան զուգահեռ, այստեղ կրնան սորվիլ գորգագործութիւն, վարսայարդարութիւն, դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, ինչպէս նաեւ՝ համակարգչային մասնագիտութիւն: