ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 20 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան երկկողմանի խորհրդակցութիւններ` Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Իկոր Մորկուլովի նախագահութեամբ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակեցին Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի երկրներուն հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակի, եւրասիական տարածքին մէջ բազմակողմ փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային երթեւեկելի միջանցքին երաբերող հարցերուն մասին: Ընդգծուեցաւ նաւ ասիական ուղղութեամբ մօտեցումներու համադրման կարեւորութիւնը: