ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 20 Յուլիսին, Ազգային ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանի հետ:
Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի աշխատանքներու կազմակերպման մէջ Սաղաթէլեանի ունեցած ներդրումին եւ գործադրած ջանքերուն համար։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Սուրիոյ եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակներուն, Սուրիոյ հայ համայնքին դիմագրաւած տնտեսական եւ ժողովրդագրականնկացութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քաղաքացիներու` Հայաստան այցելելու դրութեան դիւրացման եւ շարք մը այլ հարցերու։
Սաղաթէլեան ընդգծեց երկու երկիրներու պատմական բարեկամութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական արդի զարգացումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ Սուրիոյ ունեցած շահերուն, եւ՝ ի դէմս Թուրքիոյ, արտաքին վտանգներու առկայութիւնը։
Ամփոփելով հանդիպումը՝ կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել փոխգործակցութիւնը: