Հայաստանի երաժիշտներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ՝ 23էն 27 Յուլիսի միջեւ, Արցախի եւ Սիւնիքի սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ կը ներկայացուի «Երաժշտութիւն յանուն խաղաղութեան եւ յոյսի» ծրագիրը, որուն եզրափակիչ համերգը տեղի պիտի ունենայ 27 Յուլիսին, Ստեփանակերտի մէջ:
Երաժիշտներու միութեան անդամ արուեստագէտներ՝ Մարտին Վարդազարեան, Էդգար Գեանջումեան, Վահէ Հայրապետեան, Նարինէ Զարիֆեան, Աշոտ Ղազարեան եւ Էդմոնդ Մակարեան, Միութեան նախագահ Արամ Սաթեանի գլխաւորութեամբ պիտի ներկայացնեն իրենց ստեղծագործութիւնները: Բեմ պիտի բարձրանան նաեւ մենակատարներ՝ Արման Աբրահամեան, Լուսինէ Կչոզեան, Մարինա Խանդանեան եւ Արմէն Մկրտչեան:
Ծրագիրը սկիզբ կ՛առնէ Շինուհայր գիւղէն, 23 Յուլիսին: Իսկ 24 Յուլիսին կը նախատեսուին համերգներ Քարահունջ եւ Խնձորեսկ գիւղերուն մէջ, 25 Յուլիսին՝ ՏեղևԱղաւնոյ գիւղերուն, 26 Յուլիսին՝ Ճարտար եւ Մարտունի քաղաքներուն մէջ: Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունենալիք համերգը պիտի գործադրուի «Սայաթ Նովա» երաժշտական քոլեճի համերգասրահին մէջ: