Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ վերջերս Լիբանանի մէջ ամերիկեան քաղաքականութիւնը, նեցուկ եւ անմիջական զօրակից ունենալով Բրիտանիան, կը շարունակէ իր խարխափումը, որ սկիզբ առած էր այդ քաղաքականութեան որդեգրման առաջին օրերէն իսկ։ Կարելի չէ ծածկել տեղի ունեցածը Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ՝ բռնութիւններ, անապահով վիճակ, ամերիկացի եւ օտար զինուորներու ամէնօրեայ սպանութիւն, մեծ թիւով մահեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ բացայայտ է, որ Լիբանանի մէջ եւս Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի ձեռամբ չկրցաւ յաջողցնել իր քաղաքականութիւնն ու ծրագիրը։
Այս բոլորին մասին կը խօսուի յաճախ, փաստերն ու տուեալները ինքնըստինքեան երեւան կու գան, սակայն վերջին շրջանին ամերիկացի եւ բրիտանացի քաղաքական վերլուծաբաններ սկսան խստիւ քննադատել իրենց ղեկավարներուն գործելաձեւն ու քաղաքականութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան կողմէ հրապարակուած յօդուած մը, որ դէպքերու եւ կարգ մը իրողութիւններու մէջ չխորանալով հանդերձ, կը մատնանշէ ամերիկեան եւ բրիտանական ձախողած քաղաքականութիւնը, որ ժամանակի ընթացքին կրնայ պատուհաս դառնալ զոյգ երկիրներու իշխանաւորներուն համար։
Արեւմուտքցի քաղաքական վերլուծաբաններ մտավախութիւն կը յատնեն, թէ Արեւմուտքի ուժերուն առաքելութիւնը՝ Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ վերածուի նոյնինքն իրենց համար լարուած թակարդներու։ Անոնք նաեւ կը վախնան, որ Ուաշինկթընի, Լոնտոնի եւ Փարիզի ձախողութիւնը այդ երկիրներուն մէջ կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ, եւ կրօնական ծայրայեղութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի, յատկապէս՝ իսլամական աշխարհին մէջ։
Մէկ կողմէ Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի կառչածութիւնը՝ Աֆղանիստանի հիւսիսը զինուորական մնայուն ներկայութիւն ունենալու գաղափարին, որպէսզի կարենան դէմ դնել դարձեալ աշխուժացած թալեպաններուն, միւս կողմէ Փարիզի մտավախութիւնը, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմը կրնայ վերսկսիլ յառաջիկայ ամիսներուն, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ տիրող կացութիւնը եւ այն տրամադրութիւններն ու զգացումները, որոնց համաձայն, Իրաքի մէջ տագնապը փակ դրան սեմին կանգնած է, բաւարար ցուցանիշներ են՝ Արեւմուտքի քաղաքագէտներուն այս տեսակէտը ապացուցող։
Փարիզի մէջ Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի տնօրէնին օգնականը՝ Ժան Փիեռ Մոլնի, դիտել կու տայ, թէ «մեծ վտանգ գոյութիւն ունի, որ տագնապները թակարդի վերածուին, որովհետեւ երեք գործողութիւններն ալ յաջողութեան ոչ մէկ երաշխիք ունին»։ Ձախողութեան պարագային, «կը յուսանք, որ իսլամական աշխարհին մէջ արեւմուտքցիներուն նկատմամբ ատելութիւն եւ թշնամութիւն չյառաջանայ, մանաւանդ որ այդ առնչութեամբ եւս երաշխիքներ գոյութիւն չունին։ Եւրոպացիները պէտք է զգոյշ ըլլան, որպէսզի այս երեք թղթածրարները իրարու չխառնուին», կը շարունակէ ան։
Մոլնի կը շարունակէ, թէ Իրաքի մէջ արեւմուտքցիներուն գոյութիւնը «անկլոսաքսոնական հետզհետէ նեղցող շրջափակման» կը նմանի եւ հարցը ոչ մէկ լուծման նախանշաններ ունի։ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր ատլանտեան դաշնակիցներուն համագործակցութեամբ 2001 թուականէն ի վեր առաքելութիւն մը ստանձնուած է, իսկ Լիբանանի մէջ կացութեան փրկութեան համար խաղաղապահ ուժերու թիւի յաւելում կատարուեցաւ՝ ՄԱԿի հովանիին տակ։
Բրիտանական ռազմագիտական հիմնարկի մը պատասխանատուներէն Թիմ Ուիլեըմզ կ՚ըսէ, թէ Իրաքի մէջ ակնկալութիւնները եւ ձգտումները նուազեցան, մանաւանդ՝ այն իրողութենէն ետք, երբ կարելի չեղաւ ապահովական կացութիւնը եւ ընդդիմադիր ճակատի գործունէութիւնը հակակշիռի տակ առնել։
Մոլնի կ՚ըսէ, թէ «Իրաքի մէջ արհաւիրքը սկսաւ բացայայտուիլ։ Ամերիկեան եւ բրիտանական զօրքերը պիտի հեռանան Իրաքէն՝ իրենց ետին քաղաքացիական պատերազմ ձգելով»։ Ըստ անոր նախատեսութեան, արեւմտեան ուժերուն հեռացումը տեղի պիտի ունենայ շատ մօտիկ ապագային, բրիտանացիները արդէն յայտնած են, որ իրենք 2007ին հաւանաբար հեռանան Իրաքէն՝ իրաքեան բանակին յանձնելով երկրին մէջ ապահովութիւն հաստատելու առաքելութիւնը։ Մոլնի դիտել կու տայ, որ անշուշտ այս բոլորը անուղղակի եւ ծածուկ ձեւերով պիտի ըլլան, որպէսզի ձախողութիւնները երեւան չգան։
Աֆղանիստանի մէջ, ուր թալեպաններու հետեւորդները սկսան զօրանալ եւ տիրական դառնալ, թմրեցուցիչին, յատկապէս հերոյինի վաճառքը բոլոր մրցանիշները կոտրեց։ Միաժամանակ եւրոպական ուժերուն ժողովրդականութիւնը հետզհետէ կը նահանջէ։
Պրիւքսէլի մէջ միջազգային յարաբերութիւններու բարելաւման հիմնարկի տնօրէն Ռիք Քոլսաթ դիտել կու տայ, թէ «Իրաք արդէն տագնապին գիրկը ինկած է, իսկ Աֆղանիստան նոյն ուղիով կ՚ընթանայ, եթէ կացութիւնը շարունակուի այնպէս, ինչպէս որ է այսօր»։ Ան դիտել տուաւ, թէ զայրոյթի ու սարսափի մթնոլորտ մը տիրէ նաեւ զինուորական շրջանակներու մէջ, եւ անոնց արձագանգը լսելի դարձաւ քանատացի ու բրիտանացի զինուորներուն կողմէ, որոնք օգնութեան կոչեր ուղղեցին՝ Աֆղանիստանի հարաւը թալեպաններուն դէմ լուրջ եւ իսկական պայքար տանելու ու անոնց գործողութիւնները հակակշիռի տակ առնելու։
Արեւմտեան երկիրներուն դաշնակիցները կը նախընտրեն պալքանեան երկիրներու, Ափրիկէի եւ Լիբանանի մէջ պարտաւորութիւններ ստանձնել, որպէսզի կարենան խուսափիլ իրենց զօրքերը Աֆղանիստանի պատերազմին մէջ մխրճելէն, որովհետեւ հոն Արեւմուտքի ներկայութիւնը շատ հաւանաբար շարունակուի շուրջ 10-15 տարի եւս։ Այս մասին Մոլնի ըսած է, թէ «որքան ժամանակ անցնի, կացութիւնը այդքան կը բարդանայ եւ դժուար յաղթահարելի կը դառնայ օտար ուժերուն համար, յատկապէս՝ այս տեսակի երկիրներուն մէջ»։
Լիբանանի պարագային, քաղաքական վերլուծաբանները կը վախնան, որ միջազգային ուժերը իրենց առաքելութեան առաջին հանգրուանին իսկ ձախողին։ «Հըզպալլա»ի զինաթափումը քննարկումի նիւթ չէ այսօր եւ այս պարագան անյայտ է եւրոպական, ֆրանսական եւ իտալական հազարաւոր զինուորներուն համար, որոնք Լիբանան կը գտնուին ՄԱԿի առաքելութեան իրականացման ծիրին մէջ։
Ուիլեըմզի համաձայն, «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ նոր բախումներու հաւանականութիւնը տակաւին առկայ է, մանաւանդ եթէ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժը տկարութեան նշաններ ցոյց տայ։
Մոլնի կ՚ըսէ, թէ «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ նոր տագնապի մը ծագումը մեծ հարուած ու վնաս պիտի հասցնէ միջազգային ուժերուն, որոնց առաքելութիւնը սահմանափակուած է «փոխադարձ հարուածները հաշուելով», որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ լուծումներուն բանալիները Միացեալ Նահանգներուն ձեռքը կը գտնուին եւ ոչ՝ եւրոպացիներուն։