ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Օրեր առաջ, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով հեռաձայնային զրոյց ունեցան: Այս մասին տեղեկացուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական գրասենեակը:
Նախարարները անդրադարձան այս տարուան 22 Փետրուարին ստորագրուած համաձայնագիրի պարունակին մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ընթացքին:
Տեղի ունեցաւ միտքերու հանգամանալից փոխանակում տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու, որոնց կարգին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ:
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար 2021ի եւ 26 Նոյեմբերի բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնագիրներու դրոյթներուն խստօրէն համապատասխան աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: