Վերջին ամիսներու ընթացքին, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ իրագործուեցան քանի մը ձեռնարկներ։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան հաւաքոյթ.- Տեղի ունեցաւ «Սողանալեան» սրահին մէջ, Դեկտեմբեր 8, 2006ին, մասնաճիւղիս անդամուհիներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ։ Այս առթիւ ջերմ շնորհաւորանքներ եւ բարի մաղթանքներ յղեցին՝ վարչութեան ատենապետ Ռոզ Սուքիասեան եւ մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն Մարթա Թիթիզեան։ Ճաշի սպասարկութեան յաջորդեց տօնական ուրախ երգ ու պար, որին մասնակցեցան ներկաները։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ապա կաղանդ պապան նուէրներ բաժնեց բոլորին։ Բարեգործական օրինակելի միջոցառում.- Տօներու նախօրէին մասնաճիւղը իրագործեց ՀՕՄի գործունէութեան մարդասիրական կողմը բնորոշող միջոցառում։ Անդամուհիներու եւ վարչութեան ջանքերով ու իրենց նուիրատուութիւններով հաւաքուեցաւ շօշափելի գումար մը, որ իբրեւ տօնական նուէր անմիջապէս առաքուեցաւ Հայաստան՝ Արմաւիրի շրջանի սահմանամերձ Տանձուտ գիւղին մէջ բնակող կարիքաւոր ընտանիքի մը։
Աւանդական Հարիսան.- Վաղեմի սովորութեան համաձայն, Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ յատուկ արարողութեամբ կը պատրաստէին հարիսայի տոհմիկ կերակուրը։ Այդ մասին պատմական արժէք ներկայացնող տեղեկութիւններ կան գրող Զ. Դարեանի «Արծիւ Վասպուրականի» վէպին մէջ, որ կը ներկայացնենք ընթերցողի ուշադրութեան. «Հարիսայի կամ կորկոտի տօնը վասպուրականցու սիրելի տօներից մէկն էր։ Այն կատարւում էր ուշ աշնանը, երբ գիւղերում կալ ու կուտն աւարտւում էր, այգիների տեսակ-տեսակ բարիքները մառաններն էին լցւում, անգամ ձմեռնուկ տանձն ու խնձորը ծառերից վար էին բերւում, իսկ խաղողի հիւթը պճպճում, եփ էր գալիս կարասներում։ Հողագործի երախտագիտութեան տուրքն էր դա առ Աստուած, որ բարիքներ էր ուղարկում գարնան ու ամրան իր չարքաշ աշխատանքի դիմաց»։ Ապա, շարունակւում է. «Հարիսա եփելու արարողութիւնն սկսում էր Ուրբաթ օրուայ իրիկնամուտից։ Քահանայի կարճառօտ օրհնութիւններից յետոյ կորկոտը եւ նոր մորթուած հաւի կամ ոչխարի միսը լցնում էին հսկայ պուտուկի մէջ եւ իջեցնում բարկ թոնիր։ Որոշ ժամանակ եփելուց յետոյ սկսում էին կոճել. տղամարդիկ թեւքերը քշտած, թնթոցով հարում էին այնքան, որ միսը թել-թել դառնայ, «հալիմայի» գայ։ Դա տեւում էր երկար, մինչեւ ուշ գիշեր ու նոյնիսկ լուսաբաց»։
«Մայր» մասնաճիւղը միակն է, որ միշտ կը կազմակերպէ հայ տոհմիկ կենցաղը յատկանշող հարիսայի ճաշը։ Այս տարի եւս այս մէկը տեղի ունեցաւ Յունուար 6ին։
Նախքան օրհնութիւնը, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան գովաբանեց ազգային աւանդոյթը շարունակելու այս սովորոյթը, յատկապէս նշելով աշխատանքը Արեգնազ Խաչատուրեանի, որ ամէն տարի սիրայօժար կերպով կը պատրաստէ հարիսան։ Վարչութեան կողմէ, Ս. Ծնունդի առիթով ներկաները շնորհաւորեց ատենապետ Ռոզ Սուքիասեան։ Ապա, «Կարապետեան» սրահի մտերմիկ կամարների տակ հաւաքուած անդամներն ու հիւրերը սիրով վայելեցին աւանդական հարիսան։
Դարեր շարունակ, հայ կինը խնամքով պահպանած է հայոց աւանդական սովորոյթները։ Եւ զարմանալի չէ, որ ՀՕՄը, որպէս կանացի կազմակերպութիւն, կը շարունակէ մնալ մեր մշակութային արժէքներու յուսալի պահապանը։
Յունուար 26, 2007