
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Ապտալլա Շահիտ, որ այս օրերուն Երեւան կը գտնուի, հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանի եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ծաղիկներ զետեղեց եւ շրջագայեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, «Թուիթըր»ի վրայ այս մասին գրառում կատարած էր, սակայն, աւելի ուշ հեռացուցած է Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան իր գրառումը եւ լուսանկարները։
Ան գրած էր, որ այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակ զետեղած, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած էր Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ղեկավարութեան՝ այցելութիւնը կազմակերպելուն համար:
Յիշեցնենք, որ Ապտալլա Շահիտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 27 Յուլիսին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեանի, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանի եւ Երեւանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգողի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լիլա Փիթրս Եահիայի ընկերակցութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն տեղեկացուցին, որ հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան: Ան հիւրերուն ներկայացուց նաեւ պատմութիւնը Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ տեղադրուած երեք խաչքարերու, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ատրպէյճանի տարածքին մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուած ցեղային զտումներուն ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակին:
Շահիտ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ դրին անմար կրակին մօտ եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը:
Պատուիրակութեան անդամները շրջագայեցան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացան մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն, ապա Շահիտը գրառում կատարեց պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար` հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան պատուաւոր հիւրին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր: Իր կարգին Շահիտ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ հետաքրքրական շրջագայութեան համար:
Նշենք, որ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու: Նախագահը բարձրացուց մինչ օրս Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու անյապաղ հայրենադարձութեան երաբերող հարցեր: Շահիտ ողջունեց խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ տարուած Հայաստանի ջանքերը, նշեց, որ երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան հաստատումը լայն կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար:
Ռուբինեանի հետ հանդիպումին եւս քննարկուեցան տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր։ Ռուբինեան ընդգծեց Արցախի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի եւ ՄԱԿի միւս կառոյցներու ներկայացուցիչներու այցելութեան անհրաժեշտութիւնը` յատկապէս հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգի պարունակին մէջ։
