ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, կը շարունակեն աշխատանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ շարունակելով առաջարկել ամերիկեան կողմին աջակցութիւնը՝ յանուն երկարաժամկետ եւ համապարփակ խաղաղութեան։
Լրագրող մը անոր յիշեցուց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքն վերջերս հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ՝ վերահաստատելով կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հոլովոյթին աջակցելու պատրաստակամութիւնը։ Ան հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք այդ կը նշանակէ՞, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած նախկին նման առաջարկները մերժուած էին։ Փրայս պատասխանեց, որ այդպէս չէ, այլ այդ կը նշանակէ, որ Ամերիկա կրցած է հասնիլ որոշ յառաջընթացի, եւ «մեր, հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ շարունակական հաղորդակցութիւններու եւ դիւանագիտական բանակցութիւններու միջոցով, կը կարծենք, թէ կրնանք շարունակել այս ընթացքը»։
Այլ լրագրողի մը նշումին, որ ի տարբերութիւն արտաքին գործոց նախարարութեան, որ իր յայտարարութիւններուն մէջ մնայուն կերպով կը յիշատակէ հարցի կարգաւորման հոլովոյթին մէջ միջնորդ մարմինի՝ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը, Ատրպէյճանի նախագահը ամէն օր կը վատաբանէ զայն՝ Փրայս պատասխանեց. «Մենք մեր յայտարարութիւններուն մէջ յստակկերպով ըսած ենք, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու այս երկու երկիրներուն՝ համախոհ գործընկերներուն որեւէ տարբերակով կամ ձեւաչափով, որ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ։ Մենք 1994էն ի վեր Մինսքի խմբակի համանախագահ ենք, սակայն ինչպէս արդէն ցոյց տուած ենք, մենք նաեւ կ՛ուզենք երկիրներուն հետ կապուիլ երկկողմ ձեւաչափով՝ օգնելու Հայաստանին ու Ատրպէյճանին՝ գտնելու երկարաժամկէտ, համապարփակ խաղաղութիւն»։
Նոյն նիւթերուն մասին խօսեցաւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի՝ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ հաստատելով, որ պատրաստ է շարունակելու աշխատանքը Ռուսիոյ հետ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ` յանուն առցախեան հարցի համապարփակ եւ խաղաղ կարգաւորման: «Մենք ըսած ենք, որ պատրաստ ենք Մինսքի խումբը օգտագործել՝ իբրեւ հարթակ: Այդ առաջարկը բաց կը մնայ: Մենք չլսեցինք ռուս գործընկերներու արձագանգը այս առաջարկին: Բայց կը կարծեմ, թէ այդ է առաջին քայլը, որմէ ետք մենք կրնանք խօսիլ այլ քայլերու եւ գաղափարներու մասին», ըսաւ դեսպանը՝ աւելցնելով, որ առաջին քայլը կ՛ակնկալուի Ռուսիայէն, այս ձեւաչափին անոր մասնակցութեամբ։
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ինչպէս կը վերաբերի Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանի նախագահի պնդումներուն, թէ հակամարտութիւնը այլեւս կարգաւորուած է, եւ միջնորդներու կարիքը չկայ՝ դեսպան Թրէյսին ընդգծեց, որ հակառակ այդ յայտարարութիւններուն` Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ ուղիներ փնտռել Մինսքի խումբի ձեւաչափը օգտագործելու համար:
«Հակառակ Ռուսիոյ՝ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին, որ աշխարհին ուշադրութիւնը կը գրաւէ, Միացեալ Նահանգները մեծապէս կեդրոնացած է նաեւ այս տարածաշրջանին իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած իրավիճակին վրայ: Կը կարծեմ, թէ այդ մէկը կ՛արտացոլայ հեռաձայնային զրոյցներուն, շփումներուն մէջ, որոնք մենք տեսանք այս վարչակազմին` իշխանութիւնը ստանձնելէն ի վեր: Այս ցոյց կու տայ Միացեալ Նահանգներու, արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնառութիւնը` փորձել խուսափիլ հակամարտութիւններու վերադարձէն, քննարկումները պահել ուշադրութեան կեդրոնը, արձանագրել յառաջընթաց, եւ այդ մէկը ընել դիւանագիտական ուղիով», յայտնեց ան։
Լրագրող ը դիտել տուաւ, որ քանի մը օր առաջ Իրանի հոգեւոր առաջնորդը Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին զգուշացուց` զերծ մնալ Հայաստանի հետ իր երկրի սահմանը փակելու փորձերէն: Մինչ այդ Ատրպէյճանի նախագահը բազմիցս սպառնացած է, որ եթէ Հայաստան ինքնակամ չհամաձայնի «Զանգեզուրի միջանցք» բանալ, Պաքու այդ մէկը կ՛ընէ ուժի գործադրութեամբ: «Կա՞յ նման վտանգ», հարցուց լրագրողը Միացեալ Նահանգներու դեսպանին, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք յաճախ Սիւնիք կ՛այցելէ:
«Սիւնիքը մեծապէս իր վրայ վերցուցած է պատերազմի բեռը եւ արդիւնքները: Անշուշտ, անիկա միակ վայրը չէ, որ զգացած է պատերազմի արդիւնքները, բայց իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով, Սիւնիքը, ապահովական տեսակէտէն, եղած է շատ խոր եւ տեղին մտահոգութիւններու առարկայ: Նոյն ժամանակ, մեկնելով իմ ուղեւորութիւններէն, ես կը տեսնեմ դրական զարգացումներ, որոնք լաւատեսութեան առիթ կու տան Սիւնիքի ապագային վերաբերեալ», յայտնեց Թրէյսի։