ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդ էակին մէջ ամէնէն գովելի եւ արդիւնաւէտ զգացումներէն մէկն է ինքնավստահութիւնը: Այս զգացումին պակասը ինքնին մեծ թերութիւն մըն է, որ որքան խղճալի էակի մը կը վերածէ մարդ արարածը: Արտաքին աշխարհէն անոր ունեցած վախը, նոյնիսկ ներքնապէս զգացուած վախը յաճախ պատճառ կը հանդիսանան, որ մարդիկ մէկ քայլ առջեւ չկարենան շարժիլ կամ յառաջդիմել: Տեղքայլին համաձայն ըլլալով հանդերձ, յետքայլին բացարձակ համաձայն չենք կրնար ըլլալ, որովհետեւ կեանքը ինք յարափոփոխ իրականութիւն է, այլապէս կը ճահճանայ ու կը նեխի:
Յառաջադէմ մարդիկ իրենց մանկութենէն նախանշաններ կու տան: Ոմանք իրենց երիտասարդական տարիքին կը սկսին արտայայտութիւն տալ իրենց անհատականութեան, երբ հետզհետէ կը կազմաւորուի մարդու ինքնութիւնը: Ինքնավստահութեան աճը եւ շրջապատի քաջալերանքը մեծապէս կը նպաստեն վերը մէջբերած մեր մտածումին: Սակայն չենք հակաճառեր անոնց, որոնք կը պնդեն՝ ըսելով, որ մանկութեան տարիքէն ոմանք կանխանշաններ ցոյց կու տան իրենց փայլուն ապագային մասին: Ուրիշները առաջնորդելու կամ անոնց ուղղութիւն ցոյց տալու շնորհքը երկնատուր է: Նման անձերու ղեկավարութեան կը վստահին շատեր իրենց կեանքը, գործը, ընտանիքը, իսկ ազգեր ու հայրենիքներ՝ կը յանձնուին անոնց խիղճին: Թէ ինչպիսի՞ խղճմտանքով կ՛առաջնորդեն անոնք իրենց յանձնուածները՝ կը մնայ անձին աշխարհայեացքին եւ անհատական համոզումներուն:
Ինքնավստահութիւնը ունի իր հիմքերը, որոնց վրայ կը կառուցուի: Ճիշդ է, որ Աստուած յարմարագոյն պահուն եւ յարմարագոյն անձին կու տայ ինքնավստահութիւնը, որպէսզի տուեալ անձը կարենայ ի կատար ածել իր ծրագրած գործը: Այստեղ դրական իմաստով ըմբռնուած ինքնավստահութիւնն է, զոր կը ներկայացնենք: Բացասականը բոլորիս ծանօթ է: Օրինակ, ոճրագործ մը որքան ալ վախ ունենայ շրջապատէն, դարձեալ իր չար գործը կը կատարէ ինքնավստահութեամբ, եւ մանաւանդ հազարումի հաշուարկներով, որպէսզի ոստիկանութեան ձեռքը չ՛իյնայ:
Մարդու ներքին խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ ինքնավստահութեան աղբիւրը Աստուած ինք է: Հաւատացեալ մարդոց ապրելակերպին թեթեւակի ծանօթութիւն ունենալը պիտի հաստատէ մեր այս մտածումը: Որոշ անձերու պարագային, կեանքի երեւոյթներէն ու մանաւանդ ապագայ անորոշութենէն ունեցած վախը, կը բացատրուի անհաւատութեամբ: Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ անոր ունեցած մեծ հովանաւորութեան նկատմամբ կասկածը պատճառ կը դառնայ, որ ոմանք վախնան կեանքէն եւ անոր պատճառած անակնկալներէն: Մինչդեռ հաւատացեալ մարդը, որ ամբողջական վստահութիւն ունի Աստուծոյ առաջնորդութեան, եւ իր կեանքին մէջ պատահող բոլոր երեւոյթները՝ լաւ կամ վատ համբերատարութեամբ կ՛ընդունի, շատ աւելի ինքնավստահ կը նայի ապագային, որովհետեւ հաւատացեալ մարդուն յոյսը Աստուած է:
Յաջողութիւնները միաժամանակ փորձութիւններ են մարդու կեանքին ընթացքին: Ամէն մարդ գիտէ մարդկային կեանքին կարճ տեւողութիւն ունենալը, սակայն ապագայի մեծ հեռանկարներ կը ճշդէ, երբեմն այնքա՜ն հեռուները հասնող, որ միայն յաւերժապէս ապրող մը կրնայ տեսնել անոնց իրականացումը: Ինքնավստահութեան բացայայտ նշաններէն մէկն է այս: Ոմանք կրնան առարկել՝ ըսելով, որ նման հեռանկարներ ունեցողներ, երկարատեւ ծրագիրներ կը մշակեն իրենց զաւակներուն ու թոռներուն համար: Այսինքն, իրենց ընտանիքին եւ յաջորդ սերունդներուն համար ապագայ կը կերտեն՝ աւելի բարօր կեանք ապահովելով անոնց: Զարմանալին այն է, սակայն, որ երբեմն անզաւակ եւ միայնակ ապրող մարդիկ նման հեռանկարներով կը շարժին, քաջ գիտնալով, որ իրենց յաջորդող սերունդ չունին:
«Զարգացած» արեւմտեան երկիրներու մէջ յաճախ կը լսենք «անտէր» հարուստներու մասին, որոնք իրենց ունեցուածքը կը կտակեն իրենց միակ ժառանգորդին՝ իրենց շան կամ կատուին, իսկ լաւագոյն պարագային՝ մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջոցաւ բարեսիրական նպատակներու կենսագործման: Ինքնավստահութիւնը այստեղ եւս գործօն դերակատարութիւն ունի, երբ ենթական կը գիտակցի իր կեանքին՝ սահմանափակ ըլլալուն եւ վերջապէս նոյն ինքնավստահութիւնը կը համոզէ զինք նման քայլ առնելու:
Ինքնավստահութիւնը, սակայն, ունի իր դրական բազմաթիւ երեսները: Իրենց ունեցած ինքնավստահութեամբ, որոշ անձեր մեծ դիրքեր նուաճած են գիտութեան, վաճառականութեան, տարբեր արուեստներու եւ կեանքի այլ բնագաւառներու մէջ: Անոնցմէ ոմանք միշտ փառք տուած են Աստուծոյ իրենց պարգեւուած յաջողութիւններուն համար, իսկ ուրիշներ նոյնիսկ մոռցած են իրենց Արարիչին գոյութիւնը…։
Մարդկային կեանքին մէջ փորձութիւններուն ամէնէն վտանգաւորն է այս: Նիւթը, հարստութիւնը, նոյնիսկ առողջութիւնը երբեմն մոռացութեան կու տան այդ բոլորին Պատճառը: Արդիւնքով հպարտացողը ինչպէ՞ս կրնայ մոռնալ պատճառը: Ահա այստեղ է բուն խնդիրը: Աստուած անպատճառ Պատճառն է բոլոր պատճառներուն: Առանց բուն Պատճառին, միւս բոլոր արդիւնքներուն պատճառները, որոնց շարքին նաեւ ինքնավստահութիւնդ, անիմաստ պիտի դառնան: Որքա՞ն է մարդուն կեանքի տեւողութիւնը, որ սեփական փորձառութեան վրայ հիմնուած ինքնավստահութիւնը կարենայ պատճառ դառնալ մեծ յաջողութիւններու, առանց իսկական Պատճառին, որ բոլոր արդիւնքներուն սկզբնապատճառն է:
Յաջողութեան եւ առողջութեան իրավիճակները կեանքի ընթացքին ամէնէն կարեւոր պահերն են, երբ մարդ պէտք է իր ինքնավստահութիւնը զսպէ: Յաջող եւ առողջ եղած ժամանակաշրջանիդ յիշէ, որ անոնց Պատճառը եւս Աստուած ինք է, եւ ո՛չ թէ ինքնավստահութիւնդ, որովհետեւ յաջորդ ակնթարթին կրնայ առողջութեանդ յանկարծական քայքայումը, սրտանօթային պրկումով կամ ուղեղային երակներու խցումով, պատճառ դառնալ, որ ինքնավստահութիւնդ բացակայի կեանքէդ…։
Հաւատանք կամ ոչ, մարդկային կեանքը մազի թելէ մը կախուած է: Յոռետես չէ այս մտածումը, այլ խորապէս իրատես: Ներկայ կեանքի պայմանները, արկածներու բազմազանութիւնը, նոյնիսկ 21րդ դարուն անյարմար պատերազմական իրավիճակներն ու զէնքերու անօրինակ տարբերակները պատճառ կը հանդիսանան, որ մարդ մտածէ անսպասելիօրէն մահը դիմաւորելու կացութեան մասին: Ուրեմն, ինքնավստահութիւնդ շատ կարճ շունչ ունի առանց Աստուծոյ հովանաւորութեան, որ բուն պատճառն է անոր:
Ինքնավստահութիւնդ զսպելու ժամանակաշրջանը, ունեցած յաջողութիւններուդ եւ վայելած առողջութեանդ լաւագոյն պահերն են: Աստուածաշունչի պատուէրին համաձայն՝ եթէ մարդ իր երիտասարդութեան օրերուն պէտք է յիշէ իր Արարիչը, նոյնպէս ալ պէտք է զԱյն յիշէ իր յաջող եւ առողջ եղած օրերուն: Հիւանդութեան շրջանին շատե՜ր ուխտերով ու աղօթքներով կը դիմեն Անոր: Սակայն առողջ եղած ժամանակ, երբ ինքնավստահութեամբ զօրացած եւ սեփական ուժերուն յենած կեանքով կ՛ապրինք, քանի՞ հոգի կը յիշէ զԱստուած, փառք տալով այն բոլոր բարիքներուն համար, զորս կը վայելէ շնորհիւ իր Արարիչին:
Զսպէ՛ ինքնավստահութիւնդ, երբ յաջող ես եւ մանաւանդ առողջ: