

Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՏԷի կողմէ հրապարակուած Օգոստոս ամսուան նոր դասաւորման մէջ, Հայաստան ունի երեքական ներկայացուցիչ` ընդհանուր եւ կանանց լաւագոյն հարիւր խաղացողներու ցանկերուն վրայ:
Աշխարհի լաւագոյն հարիւր ճատրակ խաղացողներուն մէջ են՝ Գաբրիէլ Սարգսեան (40րդ), Հայկ Մարտիրոսեան (82րդ) եւ Շանթ Սարգսեան (90րդ), իսկ կանանց ցանկին պարագային, առաջին հարիւրին մէջ են Էլինա Դանիէլեան (30րդ), Աննա Սարգսեան (74րդ) եւ Լիլիթ Մկրտչեան (95րդ):
Նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն կը մնայ առաջին, մինչ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ 6րդ դիրքը: