Ի՜նչ մնաց․ կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Վահան Թէքէեան
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն….:
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Այսօր դարձեալ դէմ յանդիման կը գտնուիք հայուհիի մը հարազատ պատմութեան: Հայ կնոջ քաջութեան եւ պայքարի պատմութեան, յաղթելու՝ պարտադրուած խոչընդոտներուն եւ շարունակելու ապրիլ հպարտօրէն, պահելով կեանքին շնորհած բոլոր արժանիքներն ու բարիքները, միշտ վեր պահելով ընտանիքն ու հայրենիքը:
Անահիտ Իտա Սեդրակեան Խրլոբեան Յունիս 29, 2022ին փակեց իր աչքերը առ յաւէտ, իր հետ վար առնելով արժանաւոր հայ կնոջ մը կեանքի պատմութեան վարագոյրը:
Անահիտ, ծնած էր 1933ին ու այն բախտաւորներէն էր, որ հասակ առած էր վանեցի հօր եւ մօր կազմած հայաբոյր օճախին մէջ: Որպէս ընտանիքի առջինեկը, ան եղաւ հօր՝ գինեգործ Մարգար Սեդրակեանի յատուկ ուշադրութեան առարկան եւ կազմաւորուեցաւ անոր ինքնութիւնը՝ մօր գուրգուրանքով եւ վարպետ Մարգարի անմիջական հսկողութեամբ: Փոքր տարիքէն, հայրը գնահատելով Անահիտի ունեցած յատկութիւնները, յատուկ ունակութիւններն ու սուր ըմբռնումը, ուղղորդեց անոր էութիւնը դէպի ստեղծագործ կեանք եւ քաջալերեց, որ ըլլայ աշխատունակ ու սիրէ ձեռային աշխատանքը, անոր մէջ սերմանեց երաժշտութեան հանդէպ սէր, հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի պաշտամունք, նաեւ զարգացուց անոր մէջ յայտնաբերած առաջնորդի ունակութիւնը: Հակառակ անոր, որ Անահիտի ծնողները երաժշտական կրթութիւն ստանալու առիթ չէին ունեցած, սակայն առիթը ստեղծեցին, որ Անահիտ իր եօթ տարեկան հասակին սկսի իր երաժշտական կրթութեան: Ան, նախ Սպենդեարեանի անուան երաժշտանոցը յաճախեց, աշակերտելով Տորա Ստեփանեանին, որուն քաջալերանքն ու գնահատանքը պատճառ եղան իր երաժշտական ձիրքերը ծաղկեցնելու եւ դրսեւորուելու, որպէս դաշնակահարուհի։
Այդ տարիներուն, Անահիտ առիթ ունեցաւ դաշնամուրով ընկերակցելու դպրոցի նուագախումբին, նուագելով Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն մէկը, երաժիշտին իսկ ընկերակցութեամբ, այդպիսով անցնելով պատմութեան, որպէս Արամ խաչատուրեանի հետ նուագող ամենաերիտասարդ դաշնակահարուհին: Վկայուելով «Սպենդեարեան»էն, ան երաժշտական կրթութիւնը կատարելագործեց Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ եւ վկայուեցաւ որպէս դաշնակահար եւ խմբավար: Սակայն, Անահիտի ուսման հանդէպ ունեցած անսահման հետաքրքրութիւնն ու հաւատքը, զինք մղեցին շարունակելու ուսումը նաեւ մանկավարժական համալսարանէն ներս, մասնագիտանալով հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան ոլորտներու մէջ, որմէ արժանաւորապէս վկայուեցաւ եւ սկսաւ պաշտօնավարել կրթական հաստատութիւններէ ներս, որպէս դասախօս, մանկավարժ, երաժշտագէտ, երգահան եւ վարիչ տնօրէն: Անահիտ իր մասնագիտութեան մէջ ունեցած հմտութեամբ, աշխատանքային փորձառութեամբ, ճկուն վարուելակերպով եւ լայն իմացականութեամբ 37 տարիներ շարունակ կրցաւ յաջողութեամբ յարատեւել իր ասպարէզին մէջ:
Անահիտ, իր ընտանիքին եւ ազգականներուն հանդէպ ալ մեծ ուշադրութիւն, յարգանք եւ սէր կը տածէր․ իր քոյրերուն, եղբօրը եւ յատկապէս իր հօրը, որուն աշխատանքներուն մօտէն կը հետեւէր, իր պարտաւորութիւններն ու պատասխանատուութիւններու գիտակից, զանոնք կը կատարէր խղճմտօրէն, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը:
Անահիտ նաեւ բախտաւորուած էր ամուսնական կեանքի մէջ: Ան, իր ասպարէզի ոլորտին մէջ ծանօթանալով ապագայ ամուսնոյն՝ փրոֆէսոր, հայագէտ, ցեղասպանագէտ Գէորգ Խրլոբեանի, ընկերութիւն մշակած են, ապա ամուսնանալով կազմած են հայաբոյր ընտանիք մը, ուր ծնունդ առած են երկու անզուգական դուստրեր՝ Մարինէ եւ Արփինէ Խրլոբեանները:
Անահիտ ունէր այնպիսի սիրով զեղուն սիրտ մը եւ հոգատարութեամբ առլցուն հոգի մը, որոնք իր զօրաւոր տրամաբանութեան ու իմացականութեան հետ ստեղծած էին առաքինի, գերազանց յատկութիւններով օժտուած հայ կինը, որ իր կեանքը նուիրաբերեց իր փոքր բայց ուժեղ ընտանիքին․ ան նաեւ կեանքը նուիրաբաշխեց կեանքի ընկերոջ՝ փրոֆէսոր Խրլոբեանին, եւ 56 երկար տարիներ եղաւ անոր կողքին․ հայրենիքի մէջ թէ արտասահմանի, ընտանիքէն ներս թէ գործի ասպարէզի մէջ, անոնք եղան իրարմէ անքակտելի օրինակելի զոյգ մը:
Կեանքի պայմանները ժլատ չեղան Անահիտին հանդէպ եւ ներկայացան հիանալի առիթներ, իսկ ան՝ իր արժանիքներով եւ կարողութիւններով, արժեւորեց կեանքը, միշտ փառք տալով Աստուծոյ եւ արժանանալով պատուաբեր ձեռքբերումներու եւ մրցանակներու: Զարմանալի չէր որ 34 տարիներու մանկավարժական փորձառութիւն ունեցող եւ Անահիտի ինքնավստահութիւնն ու կամքը ունեցողը յաջողէր Լիբանանի նման հայահոծ եւ կազմակերպուած գաղութի մը մէջ՝ ներկայացնելով մանկավարժական դասախօսութիւններու շարք մը տեղւոյն ուսուցիչներուն եւ միաժամանակ պատրաստելով տեղւոյն հայկական վարժարաններու մէջ կիրարկուող կրթական ծրագրի շուրջ ուսումնասիրական աշխատանք մը՝ արտերկրի կրթական մեթոտաբանութեան շուրջ, ներկայացնելու համար Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան:
Եւ այսպէս Անահիտ Խրլոբեանի կեանքի ուղին հայրենի հողի զօրութեամբ սկիզբ առած կը շարունակուի հայրենիքէն ներս եւ ապա աշխարհի չորս ծագերուն; Միշտ ընկերակցելով կրթական առաքելութեամբ արտերկիր գործուղուող ամուսնոյն, Աւստրալիայէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Արեւելք եւ ապա Միացեալ Նահանգներ, ու կայք կը հաստատեն։ Ան ուր որ հասնի կը ծառայէ տեղւոյն հայկական գաղութին, կը ստեղծէ իր ուսանողներու փաղանգը, որոնց հանդէպ ունեցած հոգածութիւնն ու բծախնդրութիւնը զանոնք կ՛առաջնորդեն մեծ յաջողութիւններու, կը ծառայէ հայ եկեղեցւոյ հաւատարմօրէն նուագելով ու Աստուած փառաբանելով:
Անահիտի հայրենիքի հանդէպ ունեցած սէրն ու նուիրուածութիւնը միշտ կը պահէ նոյն ուժգնութիւնը, հակառակ, որ ան կ՛ապրի արտասահման, բայց Հայաստանը կը փոխադրէ իր տան չորս պատերուն մէջ, իր արուեստով, գրականութեամբ, երգով ու երաժշտութեամբ. սիրտը կը բաբախէր հայրենիքով եւ հոգին կը մաշէր հայրենի հողի կարօտով:
Նոյնպէս, Անահիտի երաժշտութեան հանդէպ ունեցած սէրը երբեք չնուազեցաւ․ կարելի էր զինք տեսնել դաշնակի կողքին, օրուան որեւէ ժամուն։ Ան Ամերիկա հաստատուելէ ետք, իր հանրային ծառայութիւններուն կողքին, նաե՛ւ կը հրատարակէ երկու տեսահոլովակ, իր սիրելի ամուսնոյն բանաստեղծութիւններուն համար յօրինելով նուրբ ու գեղեցիկ երաժշտութիւն եւ զայն կը նուիրելով Աստուծոյ, որպէս գոհունակութիւն իր վայելած բոլոր տեսակի բարիքներուն համար:
Աստուած Անահիտը ողողած էր արժանիքներով ու բարիքներով, որոնք իր սրտի անհուն սիրովը շաղախելով՝ վերադարձուց բոլորին ու բոլորին, ընտանիքին, ժողովուրդին, հայ մարդուն եւ կեանքէն իրեն մնաց այն՝ ինչ որ տուաւ ուրիշին:
Այսօր, Անահիտ Իտա Սեդրակեան Խրլոբեանի բեղուն կեանքի վերջակէտն է: Անահիտ Խրլոբեան, յաւէրժի լուսաւոր ճամբորդը կը մեկնի մեզմէ ֆիզիկապէս, բայց Խրլոբեան ընտանիքը՝ Մարինէ եւ Արփինէ, չորս թոռներ եւ չորս ծոռներ կը շարունակեն իր կեանքի ճանապարհը, որպէս աւանդ ունենալով Անահիտի եւ Գէորգի կեանքի բարի օրինակը:
Հողը թեթեւ գայ յոգնաբեկ ոսկորներուդ: Խունկ ու աղօթք քու յիշատակիդ: Ննջէ հանգիստ, իսկ քու երկրաւոր հարուստ կեանքի փորձառութիւնը մեզի ուղեցոյց. քու իմաստութիւնդ մեզի լուսատու փարոս. դուն պիտի շարունակես քու գաղափարներովդ, քու մտքերովդ քու գործերովդ մնալ միշտ մեզի հետ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: