Ուրբաթ, 29 Յուլիսին, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Քնար Գորթոշեանի՝ այցելեց շրջանիս վաստակաւոր համազգայնական, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեան նախկին անդամ եւ ատենապետ Վարուժան Տէմիրճեանին: Այցելու խմբակին մաս կը կազմէր նաեւ նախկին Շրջանային վարչութեան ատենապետներէն տոքթ. Մհեր Պապեան:
Մտերմիկ այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ ընդհանրապէս Համազգայինը եւ յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ գործող համազգայնականները յուզող հարցեր դառնան քննարկման եւ վերյուշի առարկայ:
Շրջանային վարչութիւնը Արեւմտեան շրջանիս ընթացիկ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց վաստակաշատ ընկերոջ եւ խօսեցաւ շրջանիս հիմնադրութեան 55ամեակի տօնախմբութեան, պատկերազարդ ալպոմի մը հրատարակման եւ Համազգայինի Թ. Պատգամաւորական ժողովին մասին:
Տէմիրճեան բարձր գնահատեց Համազգայինի աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեց նախատեսուած ծրագիրներուն: Այս առիթով, ան պատրաստակամութիւն յայտնեց տրամադրելու իր մօտ գտնուող նկարներ եւ արխիւներ, պատմական ալպոմի հրատարակման աշխատանքներուն համար: Շրջանային վարչութիւնը առողջութիւն մաղթեց Վարուժան Տէմիրճեանին, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն՝ իր նուիրումին ու վաստակին:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը հիմնուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 1968ին: Ներկայիս անոր հովանիին տակ կը գործեն 8 մասնաճիւղեր եւ 7 միաւորներ:
Շրջանային վարչութիւնը պարբերաբար նման այցելութիւններ պիտի տայ նաեւ այլ վաստակաշատ ընկերներու:
55ամեակին ընդառաջ, ուրախ ենք նաեւ յայտարարելու, որ կը դիմենք մեր գաղութի եւ յատկապէս Համազգայինի մեր մեծ ընտանիքի անդամներուն, Շրջանային վարչութեան փոխանցելու պատմական յուշեր, նկարներ, գրութիւններ եւ այլ իրեր՝ վերոնշեալ ալպոմին մէջ հրատարակելու նպատակով:
Ձեր փոխանցումները կրնաք պատկերահանուած՝ յղել հետեւեալ հասցէներուն՝ HamazkayinWR.org կամ knar1890@gmail.com. (բնօրինակներ փոխանցելու պարագային՝ 350 N. Glendale Ave., Suite 155, Glendale, CA 91206 հասցէին կամ ձեռամբ։ Շրջանայինը զանոնք պիտի պատկերահանէ եւ ապահով վերադարձնէ տիրոջ):
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ