ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ընթերցողներս իրենց ամառնային արձակուրդէն մէկ առ մէկ տուն վերադարձան, հայրենիքի մէջ նորապսակ ամոլներ, – վերադարձողները կը պատմեն, – Սեւանի վանքին մէջ զոյգ-զոյգ սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին դէպի բաց երկինք՝ յանուն խաղաղ եւ երջանիկ կեանքի, Վարդավառ է ըսին ու չարաճճի մանչուկներ դոյլ-դոյլ պաղ ջուր արձակեցին հերարձակ աղջիկներու վրայ, իսկ մինչ արդար արեւը կը շարունակէ իր շողերը սանձարձակել Արարատեան դաշտին վրայ, անխնա՛յ, սահմանին միւս կողմը գերեկալուած տասնեակ հայեր դեռ կը սպասեն, որ ազատ արձակուին… Այս բոլորը մտաբերելով՝ ես ալ համարձակութիւնը ունեցայ «արձակ» բառին ընդարձակ պատմութիւնը ամփոփելու այս էջին վրայ ու ձեզի ներկայացնելու անոր գրական շողարձակումները:
«Արիացեղ Արարատում ծիլարձակում թող լինի… Վահագնացած սերունդների առատ ծնունդ թող լինի», ահա, թէ ի՛նչ էր գրուած Երեւանեան հրատարակութեան մը մէջ: Զարմանալի է, չէ՞, համեստ ու անմեղ թուացող «արձակ» բառը, նոյնքան քնքոյշ «ծիլ» գոյականին միանալով՝ յետ-պատերազմեան այս անհանդարտ օրերուն ստացեր է հայրենասիրական իմաստ: «Արձակ» բառը առաջին անգամը չէ, որ կ՛ունենար իմաստի անկաշկանդ ներածութիւն: Անոր առաջին ծլարձակումը տեղի ունեցաւ Ե. դարուն, երբ գրական ու թարգմանական լայնատարած աշխատանք կար Հայկական լեռնաշխարհին մէջ:
«Արձակ» բառը հայկական գրականութեան մէջ առաջին անգամ ի յայտ եկաւ Աստուածաշունչի անդրանիկ թարգմանութեան մէջ: Սուրբ Գիրքին մէջ կայ 9 «արձակ», 2 «արձակուրդ» ու 1 «արձակաքաղաք», այսինքն՝ քաղաք, որ պարիսպ չունի: Պէտք է յիշեմ նաեւ, թէ «արձակել» բայը, մրցանի՛շ մը իսկական, 444 անգամ գործածուած է Աստուածաշունչին մէջ: Սուրբ Գիրքին մէջ ինչե՜ր չեն արձակուած: Ահա ընտրանի մը. արձակեալ՝ ժողովուրդ, որդի, կին, մայր, եղբայր, հրեշտակ, լեզու, նոխազ, գազան, աղաւնի, հաւ, ագռաւ, շանթ, բողբոջ, բարունակ, ոստ, արմատ, ինչպէս նաեւ՝ օձ կոտորիչ, հոտ անուշութեան ու ձայն մեծ: Գրաբարը, որ պատկերաւոր փոխաբերութիւններու ընդարձակ կարելիութիւն ունէր, մեզի շնորհեց «Արձակ թուղթ» (նամակ), «Լեզու արձակ», «Արձակ դաշտ», «Արձակ ոտիւք եւ ձեռօք», «Ճանապարհ արձակ», «Արձակ բան» (ոչ չափածոյ), «Արձակ օր» (ոչ պահքի օրեր) եւ «Արձակահեր մայրեր» արտայայտութիւնները:
Ըստ ստուգաբան այրերու, բառս իրանական լեզուէ արձակուելով՝ եկաւ ու ազատօրէն տեղաւորուեցաւ հայոց մայրենիին մէջ եւ ունեցաւ ծլարձակման լայն դաշտ: Ան իր երկրորդ փայլուն շրջանը ապրեցաւ Մաշտոցէն 500 տարի ետք, Նարեկացիի գրականութեան մէջ: Ահա «Մատեան Ողբերգութեան» երկի փայլատակող գոհարները. «Թողութիւն պարտուց եւ արձակումն մեղաց կապանաց», «Աւաղական ձայնարձակութիւն», «Ազատք ի հարկէ, արձակք ի լծոյ», «Հան զիս ի բանտէս, արձակեա՛ ի կապանցաս»: Սուրբ վանականին համար, Աստուած «Անճառ մեծութիւն, Արձակիչդ կապելոց» էր, իսկ իր մահուան օրը՝ «Աւուր շնչոյս արձակման»:

Այդ օրերուն, այլ մենակեացներ եւս խուցերու մէջ ողբացին իրենց մեղքերուն համար: Ներսէս Անձնապատցին խոստովանեցաւ, թէ շատ են իր յանցանքները. «Իմ մեղքն ծովու նման, ծաւալէր խիստ արձակ եւ լայն»: Աւետիք Մահտեսի տաղասացը գիտէր, թէ ի՛նքն է յանցաւորը իր կեանքի մոլորութեան համար. «Ես մեղաւոր Աւետիքս, / Կամաւ կազմեցի ճանապարհ / Առ դժոխքն լայն եւ արձակ»:
Ճգնաւոր հայրերն ու տաղասացները, երբ իրենց պարսպապատ անապատներուն մէջ կը յօրինէին մահալար գրականութիւն, արձակ դաշտերու մէջ կը հնչէր կենսուրախ, բնութեան եւ գեղեցիկին նուիրուած մէկ այլ գրականութիւն: 1500ներուն, աշուղ Նահապետ Քուչակը աշխարհիկ շունչով, Վանայ ծովու ափերուն վրայ կը դիտէր իր եարը ու կ՛երազէր, որ օրիորդիկը բաց արձակէ իր ծոցիկի կոճակները. «Ով որ ճերմակ ծոց ունի, թող կապոյտ շապիկ հագնի. / Կոճակն այլ արձակ թողու, ով տեսնու՝ սրտիկն արուն»ջ, «Կոճկեկդ այլ արձակ այնես, ու ճերմաԲկ ծոցդ ցցընես. / Կու վախեմ՝ թողուս, ելլես, ու ծոցէդ մահրում մնամ ես»: Այդ օրերուն պարզ ու անմեղ, ամէն սարի վրայ, ամէն արտի մէջ կը հնչէր սիրավառ զոյգերու ձայնը: Ահա «Ծաղիկ մ»է բուսէր» երգը, ուր աղջնակ մը սիրոյ հրաւէր կը խոստանայ իր սիրածին.
«Թէ շաբաթէ-շաբաթ՝
Քեզ պաքիկ մըն տամ,
Քեզ պաքիկ մըն տամ,
Դուն պաք՝ թէ կարէս»:
***
«Թէ ամսէ-ամիս՝
Կոճկիկս իմ արձակ,
Կոճկիկս իմ արձակ,
Դուն մուտ՝ թէ կարէս»:
1700ական թուականներուն «արձակ» բառը հայկական գրատպութեան մէջ ազատօրէն պտըտելու սկսաւ: Բազմաթիւ են այն հրատարակութիւնները, որոնց շապիկին վրայ «արձակ» բառը կայ: Ահա իրենց անունով կամ տպագրական վայրով իւրայատուկ քանի մը գիրքեր. «Արձակագիր»՝ Նոր Ջուղա, 1793, «Հերքումն մոլար դրութեանն Արձակման, Խոստովանութեան եւ Ապաշխարութեան»՝ Զմիւռնիա, 1852, «Արձակ եւ չափաբերական աշխատութիւններ»՝ Ս. Փեթերզպուրկ, 1855, «Ծաղկաքաղ արձակ եւ չափածոյ բանից ի պէտս վարժարանաց»՝ Տփխիս, 1881, «Շեքսպիրի Համլետ ողբերգութեան համառօտ բովանդակութիւնը արձակի վերածուած»՝ Պաքու, 1886, «Հովիկ? Արձակ բանաստեղծութիւններ»՝ Ախալցխա, 1906: Իսկ 1920 թուականին, Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ «լոյս» բառին միանալով՝ «արձակ»ը դարձաւ հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ՝ «Լուսարձակ»:
Այսօր, «արձակ» բառով շինուած քառասունի չափ բաղադրեալ բառ ունինք: Բոլորիս ծանօթ են «արձակագիր», «արձակել», «արձակուրդ» բառերը, բայց պիտի յիշեմ նաեւ քանի մը ածականներ, որոնք հազուադէպ են ու ընտիր. հերարձակ, ծամարձակ, գիսարձակ, ժպտարձակ, ջրարձակ, քարարձակ: Հայը կ՛արձակէ նաեւ ճիչ, աղաղակ ու ձայն, ասպարէզին մէջ «համարձակ» է, միջազգային դիւանագիտութեան մէջ՝ «անհամարձակ», կը սիրէ «արձակ բանաստեղծութիւններ» գրել ու «արձակ թարգմանութիւններ» կատարել, կը պաշտէ «լուսարձակ անձեր» (Ինտրա) եւ իր ողբանուագ քերթուածներուն մէջ կ՛ատէ տեսնել «դահիճներու շողարձակ դաշոյններ» (Սիամանթօ). վերջապէս, հայը հպարտ է, որ ունի ջութակահարներու, երգիչներու եւ պարարուեստի ծլարձակ նոր տաղանդներ: Հայը արձակ բառով կ՛արտայայտէ իր հայրենիքին ու պատմութեան հանդէպ իր հիացմունքը: Այդպէս ըրաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը, երբ ջրառատ մեր լեռնաշխարհի գեղատեսիլ «լալկան» ուռիները նկարագրեց իր «Հայբուսակ կամ Հայկական Բուսաբանութիւն» աշխատասիրութեան մէջ. «Երկայն եւ կակուղ գետնակախ ճիւղերովն, եւ իբրեւ մազարձակ գլխակոր եւ սգաւոր՝ գերեզմանաց քով տնկուած, ամենուն յայտնի հովանաւոր եւ գեղեցիկ ծառ մ»ջ: Զապէլ Եսայեանը խօսեցաւ Անիի մասին. «Անի քաղաքը հերարձակ եւ գեղեցիկ կին մը չէ, այլ ողորմելի մարդ մը անճար, անմխիթար», ապա բացատրեց, թէ ինչո՛ւ է իր գրականութիւնը ինքնուրոյն. «Փոխանակ երթալու այն արահետներէն, որ սկիւտարցի հանճարեղ բանաստեղծը բացեր է կթոտ քայլերով, ես կը գրեմ իմ բանաստեղծութիւնս, արձակ, իմ յատուկ բնութեանս դրդումով»:

19րդ եւ 20րդ դարերուն «արձակ» բառը, յարգելի ընթերցող, ապրեցաւ իր ամենափալուն շրջանը: Այլեւս «ծլարձակում» չէր ան, այլ հասուն ու բազմատերեւ, պտղատու ճիւղը մեր մայրենի ծառին: Յաջորդ շաբաթ ձեզի կը ներկայանան Սկիւտարի բանաստեղծը, Վարուժաններ, Տէրեաններ եւ այլ տաղանդներ, ու դուք պիտի վայելէք անոնց գեղապաշտ գրականութեան ընդարձակ դաշտը: Այժմ հրաժեշտ տամ Բարսեղ Կանաչեանի՝ «Ախ, տուէք ինձ քաղցր մի քուն» սակաւալուր երգով, որուն խօսքերը գրի առած է Յովհաննէս Յովհաննիսեանը.
«Եւ աչագեղ կոյսն ականջիս
Իւր մեղեդին մեղմ հնչէ
Եւ հերարձակ՝ սիրով վզիս
Փարէ քնքուշ, փաղաքշէ…
Ա՜խ, տուէք ինձ քաղցր մի քուն,
Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, սլանամ»: