ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- 2002ին խմբային թենիսի «Տէյվիս» բաժակին տիրացած Ռուսիա Կիրակի, Դեկտեմբեր 3ին երկրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց բաժակը, երբ աւարտական մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արժանթինը:
Ուրբաթ օր սկսած աւարտախաղերու առաջին օրը 1-1 հաւասարութեամբ աւարտած էր եւ Արժնթինի յաղթանակը ապահոած էր արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, որ խումբին խմբապետն է:
Շաբաթ օր, Ռուսիա դարձեալ յառաջացաւ (2-1), երբ զոյգի մրցումներուն Մարաթ Սաֆին եւ Տիմիթրի Թուրսունով 6-2, 6-3, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Նալպանտեան-Ակուսթին Քալերի զոյգը:
Կիրակի օր, Նալպանտեան դարձեալ արդիւնքը հաւասարեցուց (2-2), երբ 6-2, 6-2, 4-6, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի մէջ երրորդ դասուած Նիքոլայ Տաւիտենքոն։
Հինգերորդ եւ ճակատագրական մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Սաֆինի եւ Հոզէ Աքասուսոյի միջեւ, վերջ գտաւ Սաֆինի յաղթանակով (6-3, 3-6, 6-3, 7-6): Մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 50 վայրկեան։
Նկարին մէջ, Նալպանտեան (աջին) եւ Աքասուսօ, փոխախոյեանի բաժակներով: