ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քյարամեան յայտարարեց, որ «Սուրմալու»ի պայթումի գործով ներկայի ապացոյցները աւելի շատ կը վկայեն անզգուշութեամբ տեղի ունեցած յանցագործութեան վերաբերեալ:
Քյարամեան այս մասին ըսաւ, որ պատասխանելով վարչապետ Փաշինեանի այն հարցումին, թէ պայթումին տուն տուող պատճառներու վարկածները հիմնաւորող կամ բացառող հանգամանքներ կա՞ն: «Այս պահի դրութեամբ քրէական գործով չկայ որեւէ փաստական տուեալ, որ կը վկայի ահաբեկչութեան կամ այլ որեւէ դիտաւորեալ յանցակազմի առկայութեան վերաբերեալ», նշեց Քյարամեան:
Ըստ Փաշինեանի՝ դէպքի վայրի տեսագրութիւններու ուսումնասիրութիւններէն ակնյայտ կը դառնայ, որ այդտեղ ահաբեկչական որեւէ գործողութեան տրամաբանութիւն կը բացառուի, սակայն պէտք չէ վերջնական եզրակացութիւն կատարել: «Տեսնում ենք, որ ծուխ կայ, փախչող մարդիկ կան, որից յետոյ տեղի է ունեցել պայթիւն: Նաեւ վիզուալ (տեսողական) տեղեկութիւնները, որ ունենք, գրեթէ բացառում են այդ հանգամանքը», նշեց Փաշինեան:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեանը՝ ներկայացնելով որոնողափրկարարական աշխատանքներուն ընթացքը՝ յայտնեց, որ ներկայիս անյայտ կորսուած երկու անձերու փնտռտուք կը կատարուի։ «Ներկայ պահին մենք յայտարարում ենք, որ ունենք 2 անհետ կորած, բայց ունենք ենթադրութիւն, որ մէկ չճանաչուած դին այդ անհետ կորածներից մէկն է», ըսաւ ան:
Փամբուխչեան յայտնեց, որ կը տարուին միւս անյայտ կորսուածները յայտնաբերելու աշխատանքներ՝ աւելցնելով, որ գիտեն, թէ յստակ ո՛ւր կը փնտռեն: «Մենք ներկայ պահին մաքրել ենք տարածքի 90 եւ աւել տոկոսը եւ մօտեցել ենք բուն ենթադրուող էպիկենտրոնային գօտուն եւ այնտեղ իրականացնում ենք որոնողափրկարարական աշխատանքներ», եզրափակեց Փամբուխչեան: