ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀԱՊԿի մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցներուն յարաբերութիւնները ոչ-բարեկամ երկիրներու հետ, պէտք չէ վնաս հասցնեն Մոսկուայի հետ գործընկերութեան: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութեան փոխտնօրէն Իվան Նեչաեւ «Մարտական եղբայրութիւն-2022» ռազմավարական զօրավարժութիւններու նախօրէին: Լուրը հաղորդեց «Ռիա Նովոստի»ն:
Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ ոչ-բարեկամ երկիրներու հետ կապերը պէտք չէ վնաս հասցնեն Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան, չհակասեն ընդհանուր միութիւններու, որոնց կարգին ՀԱՊԿի եւ ԵԱՏՄի, ԱՊՀի եւ ՇՇԿի համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
Նեչաեւ պատմեց Ղազախիստանի, Ղըրղըզիստանի եւ Տաճիկիստանի տարածքին «Մարտական եղբայրութիւն-2022» զօրավարժութիւններու ծիրին մէջ, ՀԱՊԿի հաւաքական ուժերու յառաջիկայ լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն մասին: «Անոնք պիտի նպաստեն Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխաւորմանման», նշեց Նեչաեւ: