
ՎԱՀԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 15 Օգոստոս 1931ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, մեծ մեծ հօր, եւ հարազատին՝ Վահան Շամլեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 12 Օգոստոս 2022ին։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 29 Օգոստոս 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 5էն 7ը, Ֆրեզնոյի Whitehurst Funeral Homeին մէջ, 836 E. Nees Ave., Fresno, CA 93720։
Առաջնորդարանի կողմէ յայտարարուած Ազգային թաղումը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 30 Օգոստոս 2022ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, 2226 Ventura Ave., Fresno, CA 93721, ապա թաղումը՝ Belmont Memorial Park գերեզմանատան մէջ,, 201 N, Teilman Ave., Fresno, CA 93706։
Սգակիրներ՝
Անուշ Շամլեան, 67 տարուան այրին
Դուստրը՝ Քեթի եւ Մենի Մեսընկէյլ
Դուստրը՝ Մոնիք Պուսքոս
Թոռը՝ Նինօ եւ Մարինէ Վենթրեսքա
Ծոռը՝ Լիվա-Անուշ Վենթրեսքա
Թոռները՝ Ալեքսանտր եւ Անտրու Պուսքոս
Եւ համայն Շամլեան, Յակոբեան, Քէշիշեան, Գոճայեան, Գորհոնեան, Սահակեան, Շամլեան, Թաշճեան եւ Զէքեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդոթիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 2226 Ventura Ave., Fresno, CA 93721
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանին (Vahan and Anoush Chamlian Armenian School, 4444 Lowell Ave., Glendale, CA 91214) կամ Չարլի Քէյեան վարժարանին (Charlie Keyan Armenian Community School, 108 N. Villa Ave., Clovis, CA 93612) կամ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Holy Trinity Armenian Apostolic Church, 2226 Ventura Ave., Fresno, CA 93721)
***
ՎԱՀԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ Հոգեբանական կեդրոնի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհի եւ ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» մասնաճիւղի երկար տարիներու ատենապետուհի Անուշ Շամլեանին, դուստրերուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՀԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆի՝ ՀՄԸՄի 1983ի 8րդ Նաւասարդեանի «Պատուոյ Նախագահ»ին մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը եւ իր բոլոր մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Անուշ Շամլեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։