ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ցաւով կը գուժէ վեթերան գործիչ եւ համայնքային ղեկավար Ժիրայր Սարգիսեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 21 Օգոստոսին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Ան տասնամեակներով եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան անդամ։
Ժիրայր Սարգիսեան կը հանդիսանար Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի կարեւոր սիւներէն մէկը, որ իր կեանքը նուիրած էր համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու բարգաւաճումը ապահովելու ջանքերուն: Անոր սիրտին մօտիկ էր յատկապէս Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական Ազգային վարժարանը:
Ժիրայր Սարգիսեան նաեւ վաստակաշատ անդամ էր ՀՄԸՄին եւ քանի մը առիթներով եղած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ:
2015ին, Ժիրայր Սարգիսեան իր կնոջ` Սրբուկին հետ ստանձնեց ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի «Ժիրայր Եւ Սրբուկ Սարգիսեան» մարզադաշտի կառուցման ծախսերը եւ այդ տարի Ժիրայր Սարգիսեան արժանացաւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին: