Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է Ս. Կոյս Աստուածածինի վերափոխման տօնը։ Այս տօնը Աստուածածինի նուիրուած տօներուն գլխաւորն ու հնագոյնն է։
Վերափոխումն Ս. Աստուածածինի տօնը կը յիշատակէ Տիրամօր այս աշխարհէն մեկնիլը եւ երկինք վերափոխուիլը։
Կիրակի, 14 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առթիւ՝ Conejo Creek Park-ին մէջ կատարուեցաւ խաղողի օրհնութեան կարգ, ձեռամբ՝ Վենթուարայի շրջանի հոգեւոր հովիւ Գէորգ քհնյ. Աբեանի եւ մասնակցութեամբ Ջեֆ սրկ. Հազարեանի։
Յաւարտ խաղողօրհնէքի սուրբ արարողութեան, տէր հօր աղօթքով մեկնարկը տրուեցաւ դաշտահանդէսի եւ միասնական ճաշկերոյթի գեղեցիկ արարողութեան։ Ծխական խորհուրդը եւ Տիկնանց միութեան անդամները ամէն դիւրութիւն ընծայած եւ նախապատրաստութիւններ տեսած էին, որպէսզի լաւագոյն պայմաններու մէջ տեղի ունենայ դաշտահանդէսը։

Կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5ը տեւած դաշտագնացութիւնը յիշարժան պահեր պարգեւեց թէ՛ մեծերուն, թէ մանաւանդ փոքրերուն, որոնք ամառնային շրջանի գեղեցիկ տեսարանները միասնաբար վայելելու առիթը ունեցան։
Հաւաքական ճաշէն ետք, զանազան խաղեր կազմակերպուեցան մանուկներու համար, որոնց ուրախութիւնը վարակիչ դարձաւ նաեւ մեծերուն համար:
Դաշտահանդէսին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակախաղ, որուն շահողները գեղեցիկ նուէրներ ստացան՝ տրամադրուած եկեղեցւոյ կողմէ:
Հուսկ, շրջանի հոգեւոր հովիւ Գէորգ քհնյ. Աբեան իր գնահատանքին խօսքը ուղղեց բոլորին, մասնաւորաբար Ծխական խորհուրդի եւ Տիկնանց միութեան անդամներուն՝ իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին առթիւ։
Դիւան Առաջնորդարանի