ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 24 Օգոստոսին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ:
Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնեց Քորսիքայի մէջ, 18 Օգոստոսի փոթորիկին պատճառով արձանագրուած մարդկային զոհերուն համար:
Քոլոննա իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց հայկական կողմին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին պատճառով մարդկային զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին գծով: Այս պարունակին մէջ, անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործուն քայլերու ձեռնարկելու փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ յստակ նախագիծերու կեանքի կոչման միջոցով երկկողմ օրակարգի հարստացման ուղղութեամբ:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան հարցերուն:
Միրզոյեան իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Արցախի հակամարտութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատման շուրջ հայկական կողմի մօտեցումները:
Կողմերը ընդգծեցին Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր դերակատարութիւնը Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջընթացին մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ, անդրադառնալով 44օրեայ պատերազմիին պատճառով ծագած մարդասիրական հարցերու լուծման՝ Միրզոյեան շեշտեց ապօրինաբար Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու հայրենադարձութեան, բռնի անհետացածներու եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրի բացայայտման անհրաժեշտութիւնը: