ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Սուրմալու»ի ողբերգական պայթումէն 10 օր ետք, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը 24 Օգոստոսին դադրեցուց որոնողական աշխատանքները: 16 զոհերու դիակերը դուրս բերելէ ետք, փրկարարները անհետ կորսուած վերջին անձը` 55ամեայ Վանիկ Ամիրխանեանը, չկրցան գտնել:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան բանբեր Հայկ Կոստանեան ըսաւ, որ վերջին 4 օրերուն փրկարարները այդ անձը, որ «Սուրմալու»ի աշխատակից էր, կը փնտռէին,:
«Վերջին օրերին որոնողական աշխատանքները իրականացուել են բուն պայթիւնի վայրում, մեզ փոխանցուած տեսանիւթերի ու քաղաքացիների պնդումների միջոցով տեղորոշուել է այդ վայրը եւ իրականացուել են որոնողական աշխատանքներ, եղել են հատուածներ տուեալ մասում, որտեղ մենք կրկնակի զննում ենք արել, որպէսզի բացառենք որեւիցէ մի հատուած, որտեղ տեսականօրէն կարող էինք բացթողումներ ունենալ: Աշխատանքները իրականացուել են ամբողջ ծաւալով, ցաւօք, քաղաքացու մարմինը կամ նրա մասունքները չեն յայտնաբերուել», ըսաւ Կոստանեան:
Ըստ նախարարութեան տուեալներուն` դէպքէն ետք` 43 ժամերու ընթացքին, փրկարարները փլատակներուն տակէն դուրս բերին 26 քաղաքացիներ, որոնցմէ 10ը` ողջ, 16ը` մահացած, որոնց կարգին նաեւ յղի կին մը՝ իր 5ամեայ որդիին հետ:
Դէպքէն առաւել քան 10 օրեր ետք, տակաւին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի սեփականատէրը չէ հարցաքննուած. ոեւէ կասկածեալ, մեղադրեալ կամ ձերբակալուած անձ չկայ:
Ըստ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տուեալներուն` պայթումէն վնասուած շէնքը կը շարունակէ մնալ փլուզման վտանգին տակ, սակայն անոր ճակատագիրը պէտք է սեփականատէրը որոշէ: Նաեւ ի՛նք պէտք է դիմէ մասնագիտական ընկերութիւններուն եւ քանդէ շէնքը:
Միւս կողմէ, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը տակաւին կը քննարկէ «Սուրմալու»ի պայթումէն ֆիզիքապէս տուժածներուն եւ զոհուածներու ընտանիքներուն փոխհատուցում տրամադրելու հարցը: Այս պահուն, նախարարութիւնը այլ մանրամասնութիւններ չունի: Իսկ կրպակներն եւ միլիոնաւոր դրամներու գոյքերը կորսնցուցած ձեռնարկատէրերուն կառավարութիւնը փոխհատուցում պիտի չտրամադրէ:
Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եթէ անոնք իրենց գոյքը ապահովագրած ըլլային, ապահովագրական ընկերութենէն կրնային փոխհատուցում ստանալ:
«Գրագէտ բիզնեսները դա անում են, այսինքն ապահովագրել են իրենց տարածքը, գոյքը հրդեհից եւ այլնից, բնականաբար, այս դէպքում հատուցելի կը լինէր: Եթէ ինչ-որ մէկը արել է, մարդկանց մի մասն էլ չի արել, ապա կառավարութիւնը չի կարող իր վրայ ֆունկցիա (պաշտօն) վերցնել` փոխհատուցել այն ծախսը, որը պէտք է աներ ապահովագրական ընկերութիւնը, ու եթէ գործարարը չի համարել այդ մեծ ռիսկը (վտանգը), ապա այստեղ կառավարութիւնն անելիք չունի», նշեց Վահան Քերոբեան:
Ըստ նախարարին՝ գործարարները պէտք չէ ակնկալեն, որ գոյքը չապահովագրելու իրենց բացթողումը կառավարութիւնը լրացնէ: