ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Աշխարհի երեսին 7000 է աւելի տարբեր լեզուներով խօսող ժողովուրդներ կան, սակայն միայն 193 ճանչցուած պետութիւններ: Որոշ պետութիւններ իրենց գոյութիւնը իրաւամբ պարտադրած են իրենց անցեալէն մինչեւ օրս շարունակուող պատմութեամբ եւ զինուորական ուժով, իսկ ուրիշներ թէեւ նոր յայտնուած են պատմութեան բեմին վրայ, սակայն գերազանցապէս յենած են իրենց ռազմական հզօրութեան վրայ, իսկ կարգ մը պետութիւններ արհեստական ձեւով ստեղծուած են, զանոնք ստեղծող կողմերուն քաղաքական նկատառումներէ մեկնած։ Այս վերջիններու լաւագոյն օրինակներուն կը հանդիպինք մասնաւորաբար ափրիկեան ցամաքամասին վրայ, ուր երբեմն փոքրամասնութիւն կազմող ցեղեր իշխանութեան ղեկին են:
Վերջիններուն հաւանաբար մաս կը կազմէ նաեւ մեր պետութիւնը:
Հայկական բարձրաւանդակը դարերով, նոյնիսկ հայկական անկախ թագաւորութիւններու ժամանակաշրջանին, եղած է իր երկու կողմերուն գոյութիւն ունեցող կայսրութիւններու քաղաքական ազդեցութեան տակ եւ ընդհանրապէս կեդրոնական ուժեղ իշխանութեան բացակայութեան եւ կեդրոնախոյս իշխաններու յարուցած դժուարութեանց հետեւանքով, մնացած է թոյլ եւ աղքատ, սակայն պահպանած է իր գոյութիւնը: Հայաստանը կրնար վերանալ նոյն այդ կայսրութիւններուն կողմէ, սակայն չէ չքացած որպէսզի ծառայէ իբր պատուար երկիր:
Երկրորդ հազարամեակի սկիզբէն մոնկոլական, սելճուքեան եւ ի վերջոյ օսմանական արշաւանքներէն ու մեր բարձրավանդակին անոնց տիրապետութենէն ետք, այդ թոյլ պետականութիւնն ալ կորսնցուցինք ու վերածուեցանք մեր բնօրրանին վրայ ապրող ժողովուրդի, զուրկ ինքնիշխանութենէ եւ քաղաքական անկախութենէ:
Այդ երկար դարերու ընթացքին բնականաբար մենք կորսնցուցինք շատ կարեւոր, ու արդէն իսկ ոչ փայլուն, կառավարելու եւ պետականաշինութեան արուեստը: Մենք վարժուեցանք կառավարուելու արուեստին, այո՝ կառավարուելու արուեստին, այսինքն հլու եւ հնազանդ ապրելու պարտադրանքին, հետագայ դարերուն մինչեւ իսկ ստրկական կենցաղին:
Հպատակութիւնը եւ ստրկութիւնը ժամանակի ընթացքին կը փոխէ ժողովուրդի մը դարերու ընթացքին կերտած նկարագիրը: Ապրելու եւ աւելի բարեկեցիկ կեանք վարելու համար մարդոց մէջ բոյն կը դնէ թոյլի նկատմամբ քինախնդրութիւնը, ուժեղ օտարին հանդէպ մաղձը՝ տկար իւրայինի վրայ պարպելու մոլուցքի վերածուելով: Քաղաքներու մէջ իշխանական պաշտօնները, բանակային ծառայութիւնը եւ այլ բարձր դասին վերապահուած դիրքերը բնականաբար արգիլուած ու անհասանելի ըլլալով, հպատակ ժողովուրդի մէջ պիտի զարգանար առեւտրական, արհեստագիտական եւ ընդհանրապէս ստեղծագործական ձիրքերը: Ապրուստի ուրիշ բնագաւառներ գոյութիւն չունէին: Այսպէս՝ հպատակ քաղաքաբնակներուն մէջ պիտի ձեւաւորուէր նախանձը հարեւանի ունեցուածքին, բամբասանքը իրարու հասցէին, եւ ի վերջոյ մատնութեան եւ դաւաճանութեան արատները:
Այդ երկար դարերու ընթացքին, Հայկական բարձրաւանդակի Օսմանեան կայսրութեան պատկանող մասին մէջ, մինչեւ քսաներորդ դար հայութիւնը ի սպառ վերացնելու քաղաքականութիւն չէ եղած։ Փաստօրէն կայսրութեան առաջին դարերուն, երբ տակաւին կայսրութիւնը «Հիւանդ մարդ» չէր յորջորջուած, հայութիւնը վերացնելը շատ աւելի դիւրին իրագործելի էր, առանց համաշխարհային դոյզն իսկ ընդդիմութեան:
Նոյնն ալ մեր բնօրրանի արեւելեան հատուածին՝ Ռուսական կայսրութեան եւ հետագային Խորհրդային Միութեան մէջ: Եթէ տիրած ըլլար վերջնականապէս հայութիւնը վերացնելու քաղաքականութիւն, երկաթեայ վարագոյրին ետեւ ոչ մէկ արգելք գոյութիւն ունէր, ու կարելի էր իրականացնել ինչպէս իրականացաւ չերքէզներու, Խրիմի թաթարներու եւ այլ կովկասեան ժողովուրդներու պարագային, որոնք զանգուածաբար սպաննուեցան, վտարուեցան դէպի Օսմանեան կայսրութիւն, աքսորուեցան դէպի Կեդրոնական Ասիոյ անհրապոյր տափաստանները:
Ապրեցանք եւ գոյատեւեցինք ու հասանք մեր օրերուն, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով, մեզի հրամցուեցաւ 1920ին մեր կորսնցուցած անկախութիւնը: Հիմա այլեւս լուրջ աշխատանքի ժամանակն էր։ Երկիր ու պետականութիւն պէտք էր կառուցել, մենք մեզ պէտք էր կառավարէինք, բայց ինչպէ՞ս, երբ այդ արուեստին մասին գաղափար չունէինք, միայն հիւսիսէն եկած հրամաններ կատարած էինք, մեր փոխարէն ուրիշներ մտածած էին եւ գործած իրենց շահերէն մեկնած, մեր փոխարէն ուրիշներ տնտեսութիւն հիմնած էին ամէնուրեք, երբ մենք իսկ համոզուած էինք, որ քաղաքացիներն էինք անծայրածիր կայսրութեան մը, նոյն իրաւունքներով ինչպէս իշխողները, երբ արտաքին թշնամու դէմ վերջին պատերազմը Հայրենական պատերազմն էր, ու երբ անձնական ֆինանսական կացութիւնը դաժանօրէն դժուար էր ու միակ ելքը գողութիւնն ու կեղծիքն էր, սուտը եւ կաշառքը՝գործերը յաջողեցնելու միակ միջոցը:
Պետականաշինութեան արուեստին անտեղեակ էինք ու մեր ժառանգած պետութեան հաստատութիւններուն հետ վարուեցանք նոյնպէս: Պէտք էր գողնայինք, պէտք էր ստէինք, պէտք էր կեղծէինք եւ այդպէս թալանը շարունակուեցաւ եւ նոյնիսկ մեծ թափ ստացաւ, որովհետեւ իշխանութեան գլխին մենք էինք եւ ոչ նախկին օտարազգին, ոչ մէկ օտարի հաշուետուութիւն ներկայացնելու հարկադրանքին տակ չէինք. պարզապէս ազատ էինք որքան ուզէինք այդքան կը թալանէինք:
Այս պայմաններուն մէջ եւ այս գործելաոճով, կարելի չէր լաւ արդիւնքներու հասնիլ, եւ եթէ առաջին Արցախեան պատերազմին, կռիւը տարերային էր, վերջին պատերազմին նոյնը կարելի չէր: Եթէ մենք քնացած էինք, հակառակորդը արթուն էր ու վրէժ երազած էր երկար ժամանակ, ու այդ երազը իրականացնելու համար՝ գերազանցապէս պատրաստուած: Մենք գինովցած էինք մեր առաջին յաղթանակով ու տրուած գինարբուքի:
Մենք պատերազմը կորսնցուցինք: Ոմանք կ՛ուզեն փիլիսոփայել առարկելով, որ ճակատամարտն է, որ կորսնցուցինք եւ ոչ պատերազմը:
Ուրիշներ կ՛ըսեն, որ պատերազմիլը սխալ ռազմավարութիւն է ու մենք պէտք է խաղաղութեան ձգտինք: Առաջին մտածելակերպին տրամաբանական պատասխանը այն է, որ պատերազմը ապագային յաղթելու համար հսկայական աշխատանք պէտք է, իրականութեան մէջ հակառակորդին աշխատանքին կրկնակին. Երկրորդ պնդումին պարագային, հասկնալի է, որ խաղաղութիւնը իբր ռազմավարութիւն կարելի է որդեգրել, սակայն միայն յաղթական դիրքերէ մեկնած։ Երբ թոյլ ես ու պարտուած ինչու պիտի ընդառաջեն ցանկութեանդ․ հակառակը՝ քեզի պիտի բնաջնջեն: Այդ աւելի բնական է կենդանական աշխարհին մէջ, որուն կը պատկանինք:
Ինչ պէտք է ընել ուրեմն
Պառակտումին պէտք է վերջ տալ: Այս իրավիճակին համար ոչ մէկ կողմ անպարտ է, այլ բոլորս մեղաւոր ենք, բոլոր ժամանակներու իշխանութիւնները, բոլոր ժամանակներու ընդդիմութիւնները, բոլորս՝ թէ՛ հայրենի հայութիւնը եւ թէ արտերկրի: Ու եթէ յոյսեր կը փայփայենք ապագային նկատմամբ, ուրեմն պէտք է գործենք իբրեւ մէկ ժողովուրդ, իբրեւ տաս միլիոնանոց հայութիւն: