ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ «ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑԵԼ»ՈՒ ՓՈՐՁԸ
24 Օգոստոսին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ նշանակուած է Ֆիլիփ Ռիքըր, որ նաեւ պիտի ստանձնէ Կովկասի հարցերու բանակցութիւններու գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը, որուն ծիրին մէջ պիտի զբաղի նաեւ Վրաստանի վերաբերեալ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններով:
«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ բանակցութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորում գտնելու հարցին մէջ: Դեսպան Ռիքըր պիտի մասիանկցի թէ՛ երկկողմ եւ թէ համախոհ գործընկերներու հետ բանակցութիւններուն, դիւրացնելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղղակի երկխօսութիւնը», Ռիքըրի նշանակման առիթով յայտարարեց Պլինքըն։
Պաքու անմիջապէս հակադարձեց այս նշանակումին՝ պնդլեով, որ «գրեթէ չգործող Մինսքի խմբակը վերակենդանացնելու փորձերը կրնան Ամերիկան հեռու պահել ատրպէյճանահայկական յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթէն»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլաեւ աւելցուց, թէ Ուաշինկթըն «կը ցուցադրէ մօտեցում մը, որ հեռու է տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած իրողութիւններէն, ինչ որ զարմանք կը յառաջացնէ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասկնայ, որ ատրպէյճանահայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները ղարաբաղեան հիմնահարցին հետ կապելը չի նպաստեր կարգաւորման»: