ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Բերձորի միջանցքի նոր երթուղին պիտի սկսի գործել ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերի առաջին շաբաթուան ընթացքին: Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Մինչ այդ կը գործի Ստեփանակերտ-Բերձոր-Գորիս մայրուղին: Այլընտրանքային երթուղին կը գործի դէպի հարաւ տեղափոխուող նոր միջանցքում: Նոր ճանապարհով երթեւեկութիւնը կը սկսուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի բոլոր բլոկ-պոստերի տեղակայումից յետոյ: Այդ ընթացքում պատրաստ կը լինի ժամանակաւոր՝ 4.5 կիլոմետրանոց հատուածը, որի մի մասն արդէն ասֆալտապատուել է եւ մօտ օրերս ամբողջութեամբ կ՛աւարտուի: Ենթադրւում է, որ Սեպտեմբերի առաջին շաբաթուայ ընթացքում երթեւեկութիւնն արդէն կը կազմակերպուի նոր ճանապարհով», մանրամասնեց Խանումեան:
Ըստ անոր՝ նոր երթուղիի ժամանակաւոր հատուածը կը շրջանցէ Բերձորը, Աղաւնոն եւ Ներքին Սուսը, ապա կը միանայ Աղաւնոյ-Տեղ ճամբուն՝ Աղաւնոյէն շուրջ 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Խանումեան աւելցուց, որ աշխոյժ կերպով կը շարունակուի նաեւ ենթակառուցուածքներու տեղափոխման գործընթացը: «Կապի հարցն արդէն լուծուած է: Ելեկտրականութեան գծերի տեղափոխման համար դեռ ժամանակ կը պահանջուի, իսկ գազամատակարարման առումով, ինչպէս արդէն նշել եմ, այլ լուծումներ պէտք է փնտռուեն», նշեց ան:
25 Օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկկողմանի բաց է Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշի-Բերձոր-Գորիս ճանապարհահատուածը, որուն ապահովութեան կը հսկեն ռուս խաղաղապահները: