Իրաքեան ապահովական աղբիւր մը «Սփութնիք»ին հաղորդեց, որ հիւսիսային Իրաքի Նինուէ նահանգին մէջ, «Զլիքան» ռազմակայանը, ուր տեղակայուած են թրքական ուժերը, ռմբակոծումի թիրախ դարձաւ:
Հրթիռները արձակուեցան Մուսուլէն, սակայն մինչեւ հիմա անոնց պատճառած վնասները յայտնի չեն:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ քանի մը օր առաջ թրքական օդանաւեր հիւսիսային Իրաքի Տահուք նահանգին մէջ քանի մը գիւղեր ռմբակոծեցին:
Իրաքեան լրատուամիջոցներ Մայիսին եւս հաղորդած էին, որ «Զլիքան» ռազմակայանը անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծման ենթարկուած էր: