ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն եւ Նեւատայէն քոնկրեսական Տինա Թայթըս նոր արշաւի մը սկսած են, Արցախի ժողովուրդին յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն ապահովելու նպատակով դիմելու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին։
Դիմումը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով, Հայ Դատը բոլոր քոնկրեսականներուն կոչ կ՛ընէ, որ զօրակցին Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու այս ջանքին։
Այս նպատակով ձեր շրջանի քոնկրեսականին դիմելու համար այցելել կայքէջը։
Յիշեցնենք, որ Քոնկրեսի ղեկավարութեան եւ այլ հեղինակաւոր անդամներու յղուած նամակներով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան պահանջեց Քոնկրեսէն, որ պաշտօնական հետաքննութեան ենթարկէ Արցախի վտանգուած ժողովուրդին կենսական աջակցութիւն չհասցնելու՝ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին որդեգրած անընդունելի կեցուածքին դրդապատճառները։
Նամակին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները համակարգուած ձեւով ջանք կը տանին սովի մատնելու Արցախի ժողովուրդը եւ կը շեշտուի, թէ Ուաշինկթըն պէտք չէ իր կրաւորական կեցուածքով մեղսակից ըլլայ այս դաւադրութեան։