
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի պաշտօնական հաստատման 95ամեակին առիթով (1927), զանազան ձեռնարկներու կարգին հրապարակուեցան օգտաշատ հրատարակութիւններ՝ հոգեւոր, եկեղեցական, հովուական եւ աստուածաբանական բովանդակութեամբ: Բոլոր հրատարակութիւնները կը վայելեն առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին բարեհաճ հովանաւորութիւնը:
Ցարդ հրատարակուաշ են հետեւեալ շահեկան աշխատութիւնները.
1. «Փունջ Մը Քարոզներ». հեղինակ՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
2. «Տարեկան Քարոզգիրք». հեղինակ՝ Կարապետ արք. Պալատեցի. արեւելահայերէնի թարգմանուած՝ Նորայր Պօղոսեանի կողմէ:
3. «Առաքինին Կեանքի Ուղին». հեղինակ՝ Պոլսոյ պատրիարք Յակոբ Նալեան:
4. «Հովիւի Խօսքեր». հեղինակ՝ Գարեգին եպս. Խաչատուրեան:
5. «Գրքոյկ Շահաւէտ». հեղինակ՝ դպիր Պաղտասար. Արեւելահայերէնի թարգմանութիւն՝ Նորայր Պօղոսեանի:
6. «Ինչու՞ Կը Հաւատանք Յիսուս Քրիստոսի». հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
7. «Վանական Հոգեկանութիւնը Քրիստոնէութեան Առաջին Դարերուն». հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
8. «Հայ Վանական Հոգեկանութեան Ճգնողական Աւանդութիւնը». հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարըմեան:
Իւրաքանչիւր հրատարակութիւն կը բացուի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի ազնիւ արտայայտութիւններով, որոնց մէջ կը շեշտուի նաեւ հրատարակութիւններուն շահեկանութիւնը թէ՛ քրիստոնէական, թէ՛ եկեղեցական եւ թէ մշակութային արժէքներով հետաքրքրուողներուն, ինչպէս նաեւ պարզ հաւատացեալներուն համար:
Այս հրատարակութիւններուն շարքին շուտով կը միանան նաեւ հետեւեալ աշխատութիւնները.
Ա. «Պատմական Հայաստանի Հոգեւոր Եւ Իմացական Լուսաւորութեան Եւ Մշակոյթի Կեդրոնները (Վարդապետարանները). հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
Բ. «Քալեցէ՛ք, Քանի Որ Լոյսը Ունիք». հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
Գ. «Ծիսական Պաշտամունք Եւ Քրիստոնէական Կեանք». հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
Դ. «Կինը Հայ Քրիստոնէական Մշակոյթին Մէջ». հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
Ե. «Մեր Լաւագոյններէն Մէկը՝ Սբ. Ներսէս Շնորհալի». հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
Զ) «Յիշողութիւն 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան Եւ Նահատակ Հայ Հոգեւորականներ». հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
Առաջնորդ սրբազանը, որ քաջալերողն է եւ ազնիւ հովանաւորը այս հրատարակութիւններուն, տեղ մը գնահատանքով կ՛անդրադառնայ անոնց օգտաշատ դերին մասին՝ նշելով. «Նման արժէքաւոր հրատարակութիւններ հաւասարապէս կը նպաստեն տարբեր արժէքներ եւ կարեւոր ծանօթութիւններ փոխանցելու մեր հաւատացեալներուն, մտաւորականութեան եւ քրիստոնէական մշակոյթով հետաքրքրուողներուն: Այս հրատարակութիւններով, ընթերցող լայն հասարակութեան եւ մեր նոր սերունդին առիթ կը տրուի ճանչնալու քրիստոնէական հաւատքին, մեր դարաւոր եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին վերաբերող հոգիի եւ միտքի գանձերը: Պէտք չէ մոռնալ, որ եկեղեցին մեր միտքին եւ հոգիին մեծագոյն աւազանը եղած է միշտ»:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ