ԹԵՀՐԱՆ .- Իրան, Ատրպէյճան եւ Ռուսիա մտադիր են ներդրումներ կատարել Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիի կառուցման նախագիծին մէջ, ինչ որ պիտի իրականացնէ Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցներու միջանցքը, կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
«Դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւնները խթանելու հարցին մէջ Իրանի կառավարութեան եռանդուն դիւանագիտութեան համահունչ` Իրան վճռական է Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ տարանցիկ առեւտուրը ընդլայնելու նկատմամբ», ըսաւ Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան փոխնախարար Շահրիար Աֆանտիզատէ:
Ան նաեւ յայտնեց է, որ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի մը ընթացքին պիտի քննարկուի Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիի շինարարութեան մէջ ներդրումներու հոլովոյթը: