
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը Երեքշաբթի, 30 Օգոստոսին միաձայնութեամբ որոշեց Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ վերանշանակել դոկտ. Վիվիան Էքճեանը, որ իր առաջին նշանակումով՝ 2019ին, հանդիսացած էր կրթաշրջանի առաջին կին եւ առաջին հայ վերահսկիչը։ Ան այս պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2026։
Դոկտ. Էքճեան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին կրցաւ իրականացնել Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան կողմէ սահմանուած նախապատուութիւնները, բարելաւելով ուսման որակը, երաշխաւորելով աշակերտներու մտային բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ անձնակազմին եւ աշակերտներուն առողջութիւնը եւ ապահովութիւնը։ Բոլոր աշակերտներուն համար թուային ուսուցումը մատչելի դարձնելու նպատակով, ան մօտէն գործակցեցաւ շարք մը կազմակերպութիւններու հետ, միաժամանակ աշակերտները համալսարանական ուսման լաւապէս պատրաստելու նպատակով, շարք մը նախաձեռնութիւններ իրականացուց եւ դպրոցի ժամերէն ետք աշակերտներու խնամքի ծրագիրը ընդարձակեց։
Դոկտ . Էքճեանի գլխաւորութեամբ, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանը նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին օրինակելի կրթաշրջան մը նկատուեցաւ՝ համաճարակին պարտադրած սահմանափակումները լաւապէս շրջանցելուն համար։
«Դոկտ. Էքճեան երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցող կրթական մշակ մը, տեսլական ունեցող ղեկավար մը եւ աշակերտներուն ուսման մակարդակը բարձրացնելու ջանքերուն նուիրեալ ջատագով մըն է», կը յայտնէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Նայիրի Նահապետեան, ուրախութիւն յայտնելով, որ դոկտ. Էքճեան պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ։
Իր կարգին, դոկտ. Էքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս որոշումին համար։
Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանին մէջ 34 տարիներու աշխատանքի փորձառութիւն ունեցած դոկտ. Էքճեան եղած է ուսուցիչ, տնօրէն, դասաւանդութիւններու պատասխանատու, վերահսկիչ անձնակազմի պետ եւ շրջանային վերահսկիչ։ Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումներ կատարելու պայքարին մէջ եւ արժանացած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մրցանակին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման մարզին մէջ իր ունեցած յատկանշական ներդրումին համար։