Մահացած եմ 10 տարիներ առաջ, եղած եմ ուսուցչուհի, «մեր օրիորդը» կը կոչէին զիս: Շատ ուզեցի մասնագէտ մը ըլլալ կամ լաւ վարձատրուող գործ մը ունենալ, չեղաւ: Վերջ ի վերջոյ մեր եկեղեցիին քահանան «օրիորդութիւն» առաջարկեց, ես ալ չմերժեցի, բայց չէի գիտեր, որ մինչեւ կեանքիս վերջը պիտի մնայի «մեր օրիորդը»:
Պրն. թղթակից, ամբողջ կեանքս Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի այբ բեն գիմը դասաւանդած եմ: Տասնեակ հազարաւոր երկսեռ հայ աշակերտներու շունչ հատցուցած եմ: Իրենց մայրենի լեզուով հպարտանալու, ստեղծելու, զգացումներ զարգացնելու, ոգեւորուելու եւ ներշնչուելու առիթներ տուած եմ: Ես ալ իմ կարգիս իրենցմով հպարտ եղած եմ, անշուշտ մէջերնին ոչ փայլուն աշակերտներ ալ կային: Կարգ մը անփայլ աշակերտներէս ոմանց պատուեցիք Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով, 10 տարիներէ ի վեր, հակառակ անջատուած ըլլալուս շնչաւոր աշխարհէն, չեմ հասկցած պատճառը իրենց տրուած Մեսրոպեան այդ պատիւին: Կ’երեւի փոխարէնը, իրենք ալ այդ նշանը տուողներուն գաղտնօրէն ուրիշ բան մը տուած ըլլալու են:
Բայց Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանի մը արժանի չըրիք զիս, պրն. թղթակից, ատոր պատճառն ալ ես չհասկցայ:
Ողջութեան կեանքիս մէջ ոչ մէկ թղթակից երեսս նայեցաւ, որ կեանքս փոխուէր, կ’երթայիք արական սեռին, որոնք քիչ թէ շատ ունեւոր էին, միտքերը պրպտելու եւ իրենց գիտակցութիւնը շոյելով կը խօսեցնէիք զիրենք, կը պարգեւատրէիք Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով, որպէսզի իրենց գերակայութեան դերը խաղան իգական սեռին մօտ: Ուրեմն հիմա հոս, այս աշխարհին մէջ, գետնին ներքեւ տարբեր է. գրի՞ պիտի առնէք ըսածներս, հա՜… հա՜… հա՜…:
Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ:
Անշուշտ, դուք մեղաւոր չէք, պրն. թղթակից, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանը 8-10 տարուան մէջ «մոտա» դարձաւ հայութեան մէջ, տակաւին «սէյլ» չեղաւ: Առաջ բանակ մը հայ արժանաւոր մտաւորականներ եղած են, որոնք զոհուած ու հալած են ազգին համար, գրողներ, երաժիշտներ, ճարտարագէտներ, զօրավարներ, արուեստագէտներ եւ ուրիշներ շքանշան չեն ստացած: Ինչո՞ւ յետ մահու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով չեն պարգեւատրեր մեր աննման, անմահ ննջեցեալները: Հաւանաբար շքանշան բաժնողները պատասխանեն՝ «Մահացած չենք նկատեր զանոնք, անոնք անմահ են»:
Մահկանացու ըլլան թէ անմահ, անտարակոյս աւելի արժանաւոր էին, քան կարգ մը անհատներ, որոնց կուրծքը զարդարուեցաւ շքանշաններով: Օր մը թղթակցութեան մը համար սուղնոց ձեռնարկի մը գնա՛ եւ տես քու աչքովդ, հեռուէն կ’երեւին երջանիկները, կուրծքին նայելու պէտք չունիս, իրենց դէմքին նայէ, անոնց երեսներն ալ կը փայլին կուրծքի նշաններուն չափ:
Տասը տարին անցեր է մահէս, գերեզմանոցի բնակիչները բոլորն ալ երեսիս կը նային, կը խոնարհին եւ կը կոչեն զիս «մեր օրիորդը»: