ԵՐԵՒԱՆ, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան.– Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբերին, Պոլսոյ Conrad պանդոկին մէջ սկսաւ հեռասփռողներու Նիւզ Էքսչէյնճ (www.newsxchange.org) միջազգային համագումարը, որուն Հայաստանէն կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլի «Հայլուր» լրատուական ծրագրի պատասխանատու Յարութ Յարութիւնեանը եւ «Երկիր մետիա» հեռատեսիլի լրատուական բաժնի պատասխանատու եւ ՀՀ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Գեղամ Մանուկեան։
Ուրբաթ, 3 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, ելոյթ ունեցաւ Թուրիքոյ վարչապետ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան, որ իր խօսքին մէջ դարձեալ կրկնեց Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը՝ թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած։ Ճիշդ այդ հարցի մասին ալ վարչապետին հարցումներ ուղղած են քանի մը մասնակիցներ, որոնց կարգին՝ թուրք գրող Էլիֆ Շաֆաք։
Ապա, խօսք առաւ Գեղամ Մանուկեան եւ ակնարկելով վարչապետի այն խօսքին, թէ պատերազմի պատճառով հայերը սահմանային շրջաններէն միայն տեղահանուեր են, հարց տուաւ վարչապետին, թէ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան Գրիգոր Զօհրապ, որ այս համագումարի պանդոկէն երկու փողոց անդին կը բնակէր, ձերբակալուեցաւ եւ սպաննուեցաւ։ Ան նաեւ ըսաւ, թէ Պոլիսը այն քաղաքն է, որ 24 Ապրիլ 1915ին հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեամբ կը խորհրդանշէ Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը։ Գ. Մանուկեան կոչ ուղղեց թուրք հասարակութեան եւ յատկապէս լրագրողներուն, որ նախաձեռնեն իրենց պատմութեան այդ սեւ էջերու ուսումնասիրութեան, ճանչնան իրենց պատմութիւնը եւ ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, ինչ որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, որ երկու հարեւան ժողովուրդներն ու պետութիւնները սկսին իրական հաշտութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան ճանապարհը։
Իր ելոյթի ընթացքին, Գ. Մանուկեան նաեւ պարզեց ցուցանակ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր անգլերէնով. «Թուրքիան պէտք է քաջութիւն ունենայ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Այդ պահուն, ոստիկաններ եւ բազմաթիւ լրագրողներ շրջապատեցին Գ. Մանուկեանը: Ոստիկանները ուզեցին Գ. Մանուկեան դահլիճէն դուրս հանել եւ տանիլ իրենց հետ. լրագրողները թոյլ չտուին եւ Գ. Մանուկեանէն խնդրեցին մամլոյ ասուլիս տալ։ Գ. Մանուկեան անգլերէնով եւ թրքերէնով կրկնեց թուրք հասարակութեան եւ լրագրողներուն ուղղուած իր կոչը։
Համագումարի կազմակերպիչները կրկնեցին, որ եթէ ոստիկանները Գ. Մանուկեանը պիտի տանին, իրենք եւս պէտք է ընկերանան անոր։ Անոնք տեղեակ պահեցին նաեւ Շուէտի հիւպատոսարան, որ հարաւային Կովկասէն մասնակիցներու ծախսերը հոգացած էր:
Դժուար եղաւ Պոլիսէն տեղեկութիւններ ստանալը, որովհետեւ տեղւոյն Conrad պանդոկի միջադէպէն քիչ անց, Հայաստանէն Պոլիս հեռաձայնային կապը անջատուեցաւ թրքական կողմէն։ Պոլսոյ հետ կարելի եղաւ կապուիլ միայն օտար թիւերով:
Վարչապետ Էրտողանի համագումարէն հեռանալէն ետք, կազմակերպիչները ոստիկանութեան հետ համաձայնեցան, որ Գեղամ Մանուկեանը ոստիկանութեան հետ տանելու խնդիր չկայ։ Անոնք այդ մասին յայտարարեցին նաեւ համագումարին, որու աւարտէն ետք, Գեղամ Մանուկեանն ու Յարութ Յարութիւնեանը խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ ներկայ եղան հիւրասիրութեան ու վերադարձան իրենց պանդոկը։
Համագումարին ներկայ միջազգային հեռուստակայաններն ու լրատու գործակալութիւնները նկարահանեցին եւ սփռեցին միջադէպը։ Համագումարին ներկայ թրքական հեռատեսիլի չորս կայաններ ուղղակի սփռեցին միջադէպը եւ կը շարունակեն այդ մասին անդրադառնալ։