
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի ժողովուրդին անմիջական եւ յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն ապահովելու նպատակով, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ Նեւատայէն քոնկրեսական Տինա Թայթըսի սկսած արշաւին միացած են դեմոկրատ եւ հանրապետական աւելի քան 45 քոնկրեսականներ, որոնք այս նպատակով դիմած են արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման կազմակերպութեան (USAID:
Յիշեցնենք, որ Քոնկրեսի ղեկավարութեան եւ այլ հեղինակաւոր անդամներու յղուած նամակներով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան պահանջեց Քոնկրեսէն, որ պաշտօնական հետաքննութեան ենթարկէ Արցախի վտանգուած ժողովուրդին կենսական աջակցութիւն չհասցնելու՝ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին որդեգրած անընդունելի կեցուածքին դրդապատճառները:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները համակարգուած ձեւով ջանք կը տանին սովի մատնելու Արցախի ժողովուրդը եւ կը շեշտուի, թէ Ուաշինկթըն պէտք չէ իր կրաւորական կեցուածքով մեղսակից ըլլայ այս դաւադրութեան:
Այս արշաւին աջակցող քոնկրեսականներուն ամբողաջական ցանկը տեսնելու համար այցելել կայքէջը։