Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ «մեծապէս մտահոգ է» Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Յունաստանի դէմ կատարած «թշնամական յայտարարութիւններով», Թուրքիոյ մօտ գտնուող յունական կղզիներու հարցին գծով։
Էրտողան Շաբաթ օր ժողովի մը ընթացքին Յունաստանին սպառնացած էր, թէ «սուղ գին» պիտի վճարէ՝ ամբաստանելով Աթէնքը թրքական օդային տարածքը ոտնահարելու եւ Եգէական ծովուն վրայ թրքական պատերազմական օդանաւերուն «նեղութիւն տալու» յանցանքներով:
«Կրնանք գիշերը յանկարծ գալ», ըսած էր ան:
«Թուրքիայէն կ՛ակնկալենք, որ հռետորաբանական մագլցումէ ետ կանգնի եւ յանձնառու ըլլայ բարի դրացիական յարաբերութիւններու բարելաւման։ Յունաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է առկախ հարցերը լուծել խաղաղ՝ երխօսութեան ճամբով, բարի կամեցողութեամբ, միջազգային օրէնքին համաձայն: Յունաստան Եւրոպական Միութեան անդամ է, եւ պէտք է յարգել Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը», յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի բանբեր Փիթըր Սթանօ: