Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ Լիզ Թրաս ընտրուած է Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար եւ առ այդ՝ երկրի վարչապետ:
Կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութեան քուէարկութիւնը աւարտեցաւ Շաբաթ օր, եւ արտաքին գործոց նախարար Թրասի գլխաւոր մրցակիցն էր ելեւմուտքի նախարար Ռիչի Սոնաք։ Թրաս ապահովեց քուէներու 57 առ հարիւրը:
Նորընտիր վարչապետը իր յաղթանակէն ետք խօսք մը արտասանելով՝ գովեց նախորդ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի քաղաքականութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ նկատմամբ, նշելով, որ մտադիր է յարգել կուսակցութեան ընտրական խոստումները: