Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել յայտարարեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերականգնման վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան առաջարկին՝ Թեհրանի պատասխանը «կառուցողական չէ»:
«Կրնանք հաստատել, որ Եւրոպական Միութեան ճամբով ստացանք Իրանի պատասխանը, եւ զայն կը սերտենք, եւ անոր պիտի պատասխանենք Եւրոպական Միութեան ճամբով, սակայն դժբախտաբար անիկա կառուցողական չէ»: