
Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը լոյս ընծայեց Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումներ» գիրքի անգլերէն թարգմանութիւնը, որուն մէջ վրիժառուին կողմէ մանրամասնութեամբ կը նկարագրուի Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթ Փաշայի ահաբեկումը, Պերլինի մէջ:
Այս հետաքրքրական հրատարակութիւնը իրագործուած է շնորհիւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի ղեկավար Արա Սարաֆեանի ջանքերուն: Թարգմանութիւնը եւ յաւելեալ բացատրութիւններ կատարած է հայաստանաբնակ Պետօ Տէմիրճեան:
«Remembrances: The Assassination of Talaat Pasha» գիրքը յատկապէս օտար կարդացողին աւելի հարազատօրէն ներկայացնելու համար, անիկա մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստուած է հրատարակութեան:
Սողոմոն Թէհլիրեան ՀՅԴ Բիւրոյի ցուցոմունքով գրած է այս գիրքը: Պելկրատի մէջ, քառասունականներուն, Թէհլիրեան իր յուշերը պատմած է իր մօտիկ բարեկամ Վահան Մինախորեանին, որ մանրամասնօրէն թուղթին յանձնած է այդ հետաքրքրական տեղեկութիւնները:
318 էջերէ բաղկացած լաթակազմ այս գիրքը հրապարակի վրայ է 31 Օգոստոսէն ի վեր:
Անոր գինը 30 տոլար է, իսկ անկէ օրինակ մը ստանալու համար դիմել books@gomidas.org ե-նամակի հասցէին։