ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 5 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան հարցերու լայն շրջանակ մը: Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Հանգամանալից անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Արցախի տագնապին վերաբերող հարցերու:
Միրզոյեան կարեւոր նկատեց ռուսական կողմի ջանքերը, որոնց շարքին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ՝ ուղղուած Արցախի տագնապի տեւական եւ համապարփակ լուծման:
Կարեւոր նկատուեցաւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դերակատարութիւնը՝ տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի ամրապնդման եւ սադրանքներու կանխման, Արցախի հայ բնակչութեան ապահովութեան եւ կենսագործունէութեան պայմաններու ապահովման մէջ:
Նախարարները քննարկեցին Ռուսիոյ նախագահին՝ Հայաստան նախատեսուած պետական այցելութեան ու Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի կազմակերպման ընթացքը:
Հանդիպման ընթացքին նախարարները մանրամասն կերպով անդրադարձան հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող շարք մը հարցերու, ներառեալ՝ առեւտրական-տնտեսական եւ գիտական-մշակութային ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան: Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագիրի 25ամեակը՝ կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին, նաեւ՝ ամէնէն բարձր մակարդակներուն վրայ հաստատուած աշխուժ երկխօսութեան, ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ սերտ համագործակցութեան համար: