ՓՈՒԹԻՆ-ԱԼԻԵՒ՝ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ
«Մենք յայտարարած ենք, որ մեզի պէտք է խաղաղութիւն, խաղաղութեան համաձայնագիր: Երկու տարի տեւեց՝ մինչեւ որ Հայաստան անոր համաձայն ըլլայ: Իմ կարծիքով՝ ասիկա հանդիպումներու կարեւորագոյն արդիւնքներէն մէկն էր», յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ իտալական «Իլ Սոլէ 24 Օրէ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ քանի մը ամսուան ընթացքին կողմերը պիտի յաջողին աւարտին հասցնել աշխատանքը եւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել: «Եթէ հայկական կողմը նման կամք դրսեւորէ, իմ կարծիքով, անիկա իրական է», ընդգծեց Ալիեւ:
«Առաջին՝ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, երկրորդ՝ հրաժարում որեւէ տարածքային յաւակնութիւններէ, երրորդ՝ հրաժարում ուժի կիրարկումէն եւ անոր կիրարկման սպառնալիքէն, չորրորդ՝ սահմանազատում, հինգերորդ՝ հաղորդակցութիւններու բացում: Ասոնք Ատրպէյճանի՝ Հայաստանին առաջարկած հինգ հիմնական սկզբունքներն են, եւ Հայաստանի վարչապետը անոնք ընդունած է: Անիկա անգամ մը եւս հաստատում գտաւ Պրիւքսէլի մէջ երկու օր առաջ տեղի ունեցած մեր հանդիպումին ընթացքին: Մեր արտաքին գործոց նախարարները նշեալ հինգ սկզբունքներուն հիման վրայ պիտի անցնին համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ գործնական բանակցութիւններու», Անիեւ՝ Իտալիոյ Չերնոպիօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը:
Անոնք շեշտեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու հաստատման համակարգուած ջանքերու կարեւորութիւնը:
Նախագահները վերահաստատեցին եռակողմ համաձայնագիրները հետեւողականօրէն իրականացնելու մտադրութիւնը:
Ռուսական կողմը կը նշէ, որ Ալիեւ Փութինին նաեւ փոխանցեց 31 Օգոստոսին, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հայ-ատրպէյճանական հանդիպման մանրամասնութիւնները: