ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան Կիրակի, 4 Սեպտեմբերին նախագահեց Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
Հայկական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն՝ պատմական այս տաճարը երկար տասնամեակներ մնացած էր անմխիթար վիճակի մէջ, որմէ ետք պետութեան միջոցներով վերանորոգուած եւ թանգարանի կարգավիճակ ստացած էր. այնտեղ, տարին անգամ մը Ս. պատարագ կը մատուցուի՝ Ս. Խաչի տօնի օրերուն։ Այս տարի, արդէն տասներորդ անգամ ըլլալով պատարագ մատուցուեցաւ, եւ պատրիարքարանին հովանաւորութեան տակ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը առիթ հանդիսացաւ հոգեւոր բացառիկ ապրումներու։
Պատրիարք հօր նախագահութեամբ՝ պատարագը մատոյց Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։
Պատրիարքը տուաւ օրուան պատգամը, իսկ աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ բացօթեայ Անդաստան, որուն ընթացքին արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ՝ իբրեւ նշան խաղաղութեան։
Այս ուխտագնացութեան առթիւ, պատրիարքը այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըին։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց սիրալիր զրոյցը, որուն առթիւ փոխանակուեցան յուշանուէրներ։. Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց ուխտագնացութեան առթիւ իշխանութիւններուն կողմէ ընծայուած դիւրութիւններուն համար։