ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 2:30ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի զինատեսակներով կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը դադրեցաւ. հայկական կողմէ կորուստներ չկան:
Մինչ այդ, նոյն օրը առաւօտեան, ատրպէյճանական կողմը տարածեց հաղորդագրութիւն մը հայկական կողմէ իրենց դիրքերը ռմբակոծելու վերաբերեալ, այս անգամ՝ Քելբաջարի եւ Թովուզի շրջաններուն մէջ: