ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի նիստերուն:
Այս գծով յայտարարութիւն տարածեց «Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ մասնաւորաբար նշելով, որ պիտի շարունակէ կիրարկել քաղաքական պոյքոթի գործելաոճը: «Այն է` չենք մասնակցելու ոչ առաջնային, յաճախ էլ արհեստական օրակարգերով լեցուն ԱԺ եւ նրա յանձնաժողովների նիստերին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Խմբակցութիւնը կ՛ընդգծէ, որ խորհրդարանական նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է հանրային աջակցութիւն ստացած օրակարգերու յառաջ տանելով:
«Այն է`Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը, օրուայ իշխանութիւնների պաշտօնանկութիւնը, երկրի հզօրացման ազգային-պետական ուղեգծի հաստատումը», կը նշէ խմբակցութիւնը: Իր ներկայացուցիչներուն միջոցով խմբակցութիւնը պիտի շարունակէ աշխոյժ կապերը եւ աշխատանքները արտերկրի գործընկերներուն ու Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ անոնց օգտակարութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը գնահատելով՝ պիտի մասնակցի միջազգային հանդիպումներուն` երկրի շահերը պաշտպանելու, հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած յանցագործութիւնները բարձրաձայնելու եւ դատապարտելու համար: Ըստ անհրաժեշտութեան պիտի կիրարկուին նաեւ պետական եւ հանրային օրակարգերը սպասարկող խորհրդարանական այլ գործիքներ:
«Միեւնոյն ժամանակ շարունակելու ենք ակտիւ (աշխոյժ) գործունէութիւն իրականացնել ԱԺից դուրս` մեր երկրին սպառնացող վտանգների մասին հանրային լայն շրջանակներին իրազեկելու, քաղաքական գործընթացներում ուղղակի մասնակցութիւն ապահովելու, «Դիմադրութեան» շարժմանը նոր թափ հաղորդելու, ներքին ու արտաքին անվտանգային քաղաքական խնդիրները լուծելու նպատակով», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Խմբակցութիւնը նաեւ համոզուած է, որ իշխանափոխութիւնը այն անհրաժեշտ նուազագոյն պայմանն է, որուն պարագային միայն կարելի պիտի ըլլայ լուծել երկրին դիմաց ծառացած հարցերը:
«Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը Մայիսին արդէն յայտարարեց Ազգային ժողովի նիստերուն չմասնակցելու իչ որոշումին մասին:
Յայտնենք, որ Ազգային ժողովի նիստերը պիտի սկսին 12 Սեպտեմբերին: