ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Հայրապետ Հայրապետեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2022ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2022ին, առաւօտեան ժամը 11։30ին, Թահանկայի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ, 10154 Mountair Ave., Tujunga CA 91042, ապա թաղումը՝ Pierce Brothers Valhalla Memorial Park գերեզմանատան մէջ` 10621 Victory Blvd., North Hollywood, CA 91606։
Սգակիրներ`
Այրին` Մանուշակ Հայրապետեան
Որդին` Յակոբ եւ Ցոլեր Հայրապետեան եւ զաւակները՝ Նարեկ եւ Լոռի
Դուստրը` Նայիրի եւ Արթուր Հաճինեան եւ զաւակները՝ Արեգ, Վիգի եւ Մհեր
Որդին` Ալպերթ Հայրապետեան
Որդին` Միսաք Հայրապետեան
Հանգուցեալ քրոջ` Սոնա Սեթեանի ընտանիքը
Հանգուցեալ եղբօր` Սեդրակ Հայրապետեանի ընտանիքը
Եւ համայն հարազատները, բարեկամներն ու ընկերները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի հանգուցեալի բնակարանին մէջ, 2500 Honolulu Ave., #129, Montrose, CA 91020։