Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, թէ Երեւան եւ Պաքու հասան հրադադարի համաձայնութեան՝ Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8ի դրութեամբ, Միջազգային հանրութեան ներգրաւուածութեան շնորհիւ: Նոյն ժամանակ, աղբիւրներ տեղեկացուցին, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշում տուաւ նեցուկ կանգնելու «շուտափոյթ հրադարար»ին:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Չորեքշաբթի օր, Ֆրանսայի հրաւէրով գումարեց դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խոստացաւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումի հարցը դնել կազմակերպութեան օրակարգին վրայ:
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպենզեա «Թասս» գործակալութեան յայտնեց, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին մասնակցողները «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շուտափոյթ հրադադարին եւ իրավիճակը քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով լուծելուն միաձայնութեամբ իրենց նեցուկը յայտնեցին»:
«Բնականաբար, առանց պայմանաւորուածութեան հնարաւոր չէր լինի հրադադար ունենալ: Յուսանք, որ ադրբեջանը պապհպանի հրադադարը», ըսաւ Գրիգորեան։
Աւելի շուտ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարաած էր, որ երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, բոլոր ուղղութիւններով կրակը գրեթէ դադարած է, եւ էական միջադէպեր չեն արձանագրուած։
Կ՛ըսուի, թէ Մոսկուա կը պնդէ, որ քննարկման մասին լրագրողներու համար պատրաստուող փաստաթղթին մէջ անպայման յղում պիտի կատարուի Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներուն միջեւ 2020ին եւ 2021ին ստորագրուած յայտարարութիւններուն, որոնք «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմքն են»:
Ըստ «Ինթերֆաքս»ի՝ Նեպենզեա յայտնեց, թէ իր երկիրը ներկայացուց քայլեր, որոնք կրնան առնուիլ ՀԱՊԿի կողմէ: Նեպենզեա այլ մանրամասնութիւններ չտուաւ, եւ միայն աւելցուց, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը երախտագիտութիւն յայտնեց Ռուսիոյ՝ հարցին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յորդորեցին Ռուսիան՝ օգտագործելու իր ազդեցութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կացութիւնը կայունացնելու համար:
Հրադադարի հաստատման փորձ մը կատարուած էր նախորդ օրը՝ Երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, սակայն Ատրպէյճանի ուժերը շարունակեցին յարձակիլ Հայաստանի վրայ: